image

Հալէպ. Յայտնաբերուած է Մարալ Խշուաճեանը սպաննած յանցագործը

Հալէպ. Յայտնաբերուած է Մարալ Խշուաճեանը սպաննած յանցագործը

Հալէպի մէջ տեղի ունեցած զազրելի ոճիրին հեղինակը յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է։

Խօսքը կը վերաբերի հալաէպահայ ուսուցչուհի եւ նուիրեալ մայր Մարալ Խշուաճեանի սպանութեան, որ տեղի ունեցած էր Շէյխ Թահա շրջանին մէջ գտնուող հանգուցեալի բնակարանին մէջ։

«Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրին հաղորդմամբ յանցագործը եղած է հանգուցեալի ամուսնոյն աշխատաւորներէն մին, որ երկար տարիներ աշխատած է անոնց մօտ։

Մեղադրեալը եղած է մտերիմը այդ ընտանիքին եւ հանգուցեալի ամուսինը՝ Գրիգոր Խշուաճեան տարբեր առիթներով մեծ օգտակարութիւններ ցոյց տուած է անոր։

Ներկայիս կ՚ընթանայ նախաքննութեան փուլը եւ ապահովական մարմիններուն յանձնուած այս ծանր սպանութեան գործը կը գտնուի  Հալէպի իրաւապահ մարմիններու ուշադրութեան կեդրոնին։