Ռուսիոյ Տուման կողմ քուէարկած է Տենիս Մանթուրովը Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ- արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնին հաստատելու մասին նախագծին։
Արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի հարցերով Տումայի համապատասխան յանձնաժողովի պատգամաւորները նախօրէին արտահերթ նիստի ժամանակ միաձայն առաջարկած են խորհրդարանի ստորին պալատին հաստատել Տենիս Մանթուրովը փոխվարչապետ-արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնին։
Տենիս Մանթուրովը Ռուսիոյ Դաշնութեան Արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախկին նախարարն է, ռուս յայտնի քաղաքական գործիչ։