Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութեան պաշտօնաթող եղած ղեկավար Պորիս Ճոնսըն կրնայ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնել, երբ դաշինքի ներկայիս ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը յաջորդ տարուան սեպտեմբերին ձգէ իր աթոռը: Այս մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը, 27 յուլիսին հաղորդած Է The Daily Telegraph թերթը:
Հրատարակութեան տուեալներով՝ աւագ թորիները (պահպանողակնները) կը պաշտպանեն Պորիս Ճոնսընի թեկնածութիւնը որպէս ՆԱԹՕ-ի յաջորդ գլխաւոր քարտուղար: Մինչեւ Ճոնսընը, այդ պաշտօնի համար նկատի առած էին Մեծ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պեն Ուոլըսը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Թագաւորութեան նախկին վարչապետեր՝ Թերեզա Մէյը եւ Տէյվիտ Քեմերոնը, նշած Է թերթը:
Հրատարակութիւնն ընդգծած Է, որ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնի համար արդէն շատոնց կ'առաջարկէին Մեծ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը՝ նկատի ունենալով եւրոպացի քաղաքական գործիչներու նկատմամբ ԱՄՆ-ի անվստահութիւնը, որոնք բազմիցս յայտարարած են Եւրոպական միութեան նոր բանակ ստեղծելու՝ իենց ծրագրերուն մասին:
7 Յուլիսին, երբ Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը ցուցադրաբար լքեց գրեթէ 60 հոգի, Պորիս Ճոնսընը յայտարարեց Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդի պաշտօնէն հեռանալու մասին: Ան նաեւ յայտնեց, որ կը հրաժարի վարչապետի պաշտօնէն, հազիւ ընտրուի թորիներու նոր առաջնորդ, որ պիտի գլխաւորէ գրսենեակը: Այդ տեղի պիտի ունենայ 5 սեպտեմբերին, իսկ նոր վարչապետ պիտի դառնայ արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրասսը կամ Ելեւմուտքի նախկին նախարար Ռիշի Սունաքը: Թեկնածուի ճակատագիրը պիտի որոշեն կառավարող կուսակցութեան գրեթէ 200 հազար անդամները: