image

Տարրաբանական կեդրոններ Ուքրանիոյ մէջ. Ի՞նչ էր հիմնական նպատակը

Տարրաբանական  կեդրոններ  Ուքրանիոյ մէջ. Ի՞նչ էր հիմնական նպատակը

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այսօր` Հինգշաբթի, յայտարարած է, որ «Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած ամերիկեան կենսաբանական տարրալուծարանները «Քովիտ»ի վերաբերեալ փորձեր կատարած են»:

Նախարարութիւնը յաւելած է, որ «ամերիկեան կենսաբանական տարրալուծարանները նպատակ ունին ստեղծել մահացու հիւանդութիւններու տարածման գաղտնի մեխանիզմ»` նշելով, որ «ԱՄՆ-ն նախագիծ ունի` ուսումնասիրելու Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ թռչող թռչուններու միջոցով հիւանդութիւններու տարածումը»:

Ռուսաստանը մեղադրած է ԱՄՆ-ն Ուքրանիոյ մէջ կենսաբանական զէնքի հետազօտութիւնը ֆինանսաւորելու մէջ:

Նախարարութիւնը վստահեցուցած է, որ պիտի հրապարակէ կենսաբանական տարրալուծարաններու ուքրանացի աշխատակիցներէն ստացած փաստաթուղթերը:

Աւելի վաղ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած էր ուքրանացի ազգայնականներու պատրաստակամութիւնը` սադրանքներ իրականացնելու Խարքով քաղաքին մէջ:

«Մարտ 9-ի գիշերը մօտ 80 թոն ամոնիաք ուքրանացի ազգայնականներու կողմէ ուղարկուած է Խարքովէն հիւսիս-արեւմուտք գտնուող Զոլոչեւ գիւղ», կ'ըսուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

«Այնտեղէն դուրս եկած բնակիչները կ'ըսէին, որ ծայրայեղ ազգայնականները իրենց կը սորվեցնէին, թէ ինչպէս ճիշդ վարուիլ քիմիական յարձակման պարագային», աւելցուց ան:

Նախարարութիւնը նշած է, որ այդ կրնայ վկայել թունաւոր նիւթերու կիրառմամբ սադրանքի նախապատրաստման մասին` Ռուսաստանը քիմիական զէնք օգտագործելու մէջ մեղադրելու համար: