Իրանը որեւէ փորձ չի կատարեր վնասուած միջուկային կառոյցները վերականգնելու համար։ Այս մասին յայտարարած է Միջազգային աթոմական ուժանիւթի գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսսի։
Ան նշած է, որ Միջազգային աթոմական ուժանիւթի գործակալութիւնը անցեալ տարուան Յունիսէն ի վեր չէ արձանագրած Իրանի կողմէ վնասուած միջուկային կառոյցները որեւէ ձեւով վերականգնելու փորձ։
«2025 թուականի Յունիսէն ի վեր մենք չենք արձանագրած որեւէ գործունէութիւն՝ 2025 եւ 2026 թուականներու յարձակումներու հետեւանքով վնասուած կառոյցները վերականգնելու կամ վերակառուցելու ուղղութեամբ», նշած է Կրոսսի՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին Իրանի միջուկային ծրագիրին մասին իր ելոյթի ժամանակ։
Գործակալութեան տնօրէնին համաձայն՝ հակառակ անոր որ Միջազգային աթոմական ուժանիւթի գործակալութիւնը ստուգումներ չի կատարեր Իսլամական Հանրապետութեան տարածքին մէջ, սակայն այն կը շարունակէ Թեհրանի հետ բանակցութիւնները՝ մասնագիտական մակարդակի վրայ։