image

Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի ընդհանուր ժողովը՝ Հալէպի մէջ (Լուսանկար)

Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի ընդհանուր ժողովը՝ Հալէպի մէջ (Լուսանկար)

 Օրերս Հալէպ քաղաքին մէջ նախագահութեամբ համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի տեղի ունեցած է Հայ Աւետարանական տարեկան ընդհանուր ժողովը։ 

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ խմբագրութեանս ուղարկուած լրատւութիւնէն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքային Ընդհանուր Ժողովը 2023 տարեշրջանի տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2023-ին, յետմիջօրէին ժամը 5.00-ին, Հայ Աւետարանական Համայնքապետարանի «Թեհլիրեան» սրահէն ներս: Ներկայ էին Քեսապի եւ Հալէպի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հովիւներ եւ պատուիրակներ: 

Համայնքային Ընդհանուր Ժողովը սկսաւ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի աղօթքով: Ապա Քեսապի եւ շրջանի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու հովիւ Պատ. Շանթ Ակիշեան ներկայացուց հոգեւոր խորհրդածութիւն նիւթ ունենալով՝ «Բարի եւ Հաւատարիմ Մշակներ Ըլլալ» հիմնուած՝ Մատթ. 25. 14-30: 

Ժողովը քննարկեց եւ արժեւորեց համայնքին ներկայ իրավիճակը, եկեղեցիներուն փառաբանութեան արժանի երեւոյթներն ու առկայ մարտահրաւէրները:

Ներկայացուեցան միամեայ գրաւոր տեղեկագիրներ եկեղեցիներու պատուիրակներէ, Կրթական Խորհուրդէ, Ընկերային Ծառայութենէ, Հայ Ծերանոցէ, «Արեւիկ» Կեդրոնէ եւ Աչազուրկներու Միութենէ:

Համաժողովին ներկաները գլխաւորաբար անդրադարձան երկիրը յուզող հարցերուն եւ առընթեր ծառացած մարտահրաւէրներուն՝ ինչպիսին են գաղթը, տնտեսական տագնապը, անգործութիւնը, ելեկտրականութեան չգոյութիւնը ու ներկայ ահաւոր սղաճը: Վերապատուելի Համայնքապետը ներկայացուց համայնքին եւ յատկապէս ընկերային ծառայութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, ինչպէս՝ վերականգնումի ծրագիրներ, երիտասարդներուն գործի առիթներ հայթայթել, կազմակերպելով բարգաւաճման եւ արհեստավարժական զանազան ծրագիրներ ու դասընթացքներ, որմէ ետք մասնագիտական ուսուցման ծրագիրի հետեւող աշակերտներուն շնորհել անհրաժեշտ գործիքներ, որպէսզի կարենան իրենց փոքր արհեստները սկսիլ: Ան նշեց թէ իբրեւ համայնք այս դժուար օրերը պիտի յաղթահարենք Աստուծոյ նախախնամութեամբ: Ան խրախուսեց, քաջալերեց եւ յոյս ներշնչեց ներկաներուն: 

Աւարտին, ան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ փոխանցուած տեղեկագրութիւններուն եւ իրագործումներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց գործակից եկեղեցիներուն եւ բարեբեր ու Աստուծոյ օրհնութիւններով լեցուն օրեր մաղթեց։

Համայնքային Ընդհանուր Ժողովը իր աւարտին հասաւ Վեր. Եուսէֆ Ճապպուրի աղօթքով: