Երկուշաբթի, 17 օգոստոս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, ընդունեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵԽ) Ընդհանուր քարտուղար փրոֆ. Միշէլ Ապս:
Նշենք, որ կաթողիկոսը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) նախագահն է, միաժամանակ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի Պատուոյ նախագահը: Ան նաեւ էքիւմէնիք շարժումին մէջ հեղինակութիւն է եւ այս բնագաւառէն ներս` բազմաթիւ հրատարակութիւններու հեղինակ:
Վերոյիշեալ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ տարածաշրջանը դիմագրաւող վճռորոշ ժամանակահատուածի ընթացքին, երբ անհրաժեշտ է գնահատել ներկայ զարգացումները եւ նոր տեսլական մշակել` Միջին Արեւելքի մէջ միջեկեղեցական շարժումին յառաջիկայ ընթացքը ճշդելու համար:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանի տարբեր բաղադրիչներուն միջեւ աւելի սերտ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` ժողովուրդներուն համար բարօր ապագայ ապահովելու նպատակով: Շեշտուեցաւ նաեւ քրիստոնեաներուն կարեւոր դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը շրջանին մէջ:
Քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործունէութեան ու ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ անոր ներկայ վարչական հարցերուն ու յառաջիկային ձեւաւորուելիք նոր կառուցուածքին, որուն նպատակը պիտի ըլլայ այժմէականացնել ու զօրացնել Խորհուրդին դերակատարութիւնը` շարունակելու համար արդիւնաւէտութիւնը իր գործունէութեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով ժամանակակից հասարակութիւնն ու արհեստագիտական զարգացումները: