Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Ազգային Առաջնորդարանը նախաձեռնած է «Սուրբ Սահակ եւ Մեսրոպ» լսարանը, քրիստոնէական դաստիարակութեան ընդհանուր զարգացման, ինչպէս եւ հետագային հոգեւորականներ պատրաստելու համար։
Այս գծով, յատուկ հաղորդագրութեան մէջ, Բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան կը տեղեկացնէ․- «Ուրախ ենք յայտնելու, թէ Թեմիս Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները հաստատած են «Սուրբ Սահակ եւ Մեսրոպ» լսարանը մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Այս դասընթացքը պիտի ընդգրկէ Սուրբ Գրքի ծանօթացում, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, ծէս, երաժշտութիւն եւ բարոյական աստուածաբանութիւն։ Վերոյիշեալ նիւթերը որակաւոր ուսուցիչներ պիտի դասաւանդեն, որոնց շարքին են Հայր Փօլ Թարազի՝ Սուրբ Գրքի մասնագէտ, որ եղած է St. Vladimir’s եւ Holy Cross դպրեվանքերու դասախօս, փրոֆեսոր Մայքլ Փափազեան՝ կրօնքի եւ փիլիսոփայութեան դասախօս Berry University-ի մէջ, տոքթոր Ճորճ Լէյլէկեան՝ Հայ Եկեղեցւոյ ծէսերու մասնագէտ, ինչպէս նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի հոգեւորականներ։ Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդին զաւակները լաւագոյնս պիտի գնահատեն այս ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ, առիթ տալով որ նորանոր ծրագիրներ մշակենք հաւատքի եւ ինքնութեան աճման եւ ամրապնդման համար»։
Լուրը՝ hairenikweekly-էն