image

Սողալով եկան․ Մետվետեւ ԱՄՆ-ի՝ միջուկային սպառազինութեան հարցով երկխօսութեան կոչի մասին

Սողալով եկան․ Մետվետեւ ԱՄՆ-ի՝ միջուկային սպառազինութեան հարցով երկխօսութեան կոչի մասին

«Սողալով եկան»,- ԱՄՆ-ի՝ միջուկային սպառազինութեան հարցով երկխօսութեան կոչը մեկնաբանած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարի տեղակալ Տմիթրի Մետվետեւը։

«Մէկ ամիս առաջ ես գրած էի, որ ամերիկացիներու համար չափազանց կարեւոր են ռազմավարական անվտանգութեան հարցերը, որոնք առանց մեզի անհնար է լուծել։ Եւ ահա, եկան սողալով։ Պայտընը յայտարարած է, թէ, իբր, նոյնիսկ պաղ պատերազմի տարիներուն ԽՍՀՄ-ը եւ ԱՄՆ-ն կը քննարկէին անվտանգութեան հարցերը եւ փոխզիջումներ կը գտնէին, եւ որ անհրաժեշտ է միջուկային հաւանական սահմանափակման մասին նոր պայմանագիր, որ կը փոխարինէ Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններ-3-ին (ՌՀՍ-3)։ Անգամ մը եւս նշեմ, որ այսօր իրավիճակն աւելի վատ է, քան պաղ պատերազմի տարիներուն։ Շատ աւելի վատ։ Եւ ատոր մէջ մեղաւորը մենք չենք»,-գրած է Մետվետեւը Telegram-ի իր ալիքին։