Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար Ստեփանակերտը պէտք է սկսի բանակցութիւններ վարել Պաքուի հետ։ Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, 14 յուլիսին ըսած է արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական մշտական յանձնաժողովի ղեկավար, կառավարող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Սարգիս Խանդանեանը՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչպէս Երեւանը կ'արձագանգէ Արցախի հանրահաւաքներուն եւ այնտեղ խորացող մարդասիրական ճգնաժամին։
Խորհրդարանականի խօսքով՝ հայկական կողմը կը բարձրացնէ հարցը միջազգային գործընկերներու հետ հանդիպումներուն։ Ան համոզուած է. Հայաստանի գործընկերները կ'ընկալեն, որ եկած է հասցէական գործողութիւններու ժամանակը։
«Այնուամենայնիւ, մեր դիրքորոշումն անփոփոխ է։ Մասնաւորապէս, այն հարցում, որը վերաբերում է արցախահայերի իրաւունքների պաշտպանութեանը եւ նրանց անվտանգութեան ապահովմանը։ Սակայն անհրաժեշտ է երկխօսութիւն Ստեփանակերտի եւ Բաքուի միջեւ։ Հարցը պէտք է քննարկուի հենց այդ ռակուրսով, որպէսզի այն միջազգային արձագանգ ստանայ»,-ըսած է քաղաքական գործիչը։
Անոր կարծիքով՝ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները պէտք է խստօրէն կատարուին բոլորի կողմէ։ ՄԱԿ Միջազգային դատարանի որոշումը Ատրպէյճանը անյապաղ պէտք է կատարէ։
«Հայկական կողմի խնդիրն այդ հարցերը տարբեր հարթակներում հնչեցնելն է։ Օրինակ, ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհրդում»,- ըսած է օրէնսդիրը։
Ան կը կարծէ, որ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ պէտք է հասնին այնպիսի որոշումներու, որոնց կը յաջորդեն յստակ քայլեր եւ գործողութիւններ։ Այդպիսին կրնայ ըլլալ, օրինակ, լայն միջազգային ներկայութիւնը Արցախի մէջ։ Այդ, յանձնաժողովի ղեկավարի կարծիքով, կրնայ երաշխաւորել Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ անվտանգութեան ապահովում։