image
Հրատապ լուրեր:

Ստեփանակերտի մէջ. Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ խորհրդակցութիւն

Ստեփանակերտի մէջ. Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ խորհրդակցութիւն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցած է՝ նուիրուած առկայ իրավիճակին մէջ ներքին ու արտաքին անվտանգային խնդիրներու լուծման եւ բնակչութեան կենսապահովման ուղղութեամբ կատարուող քայլերուն:

Ինչպէս յայտնած են ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն, միտքերու փոխանակութիւն տեղի ունեցած է համապատասխան պետական կառոյցներու ղեկավարներու եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետի հաղորդած տեղեկութիւններու շուրջ:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանը, պաշտօնատար այլ անձինք: