Ստեփանակերտի մէջ մեծ պայթում. Կան տասնեակ զոհեր

  Ստեփանակերտի մէջ մեծ պայթում. Կան տասնեակ զոհեր

Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ մեծ պայթում մը որոտացած է։ 

 Աւելի ուշ պարզուած է, որ պայթումը եղած է վառելանիւթի կայարանի մը մէջ։

Կը նշուի նաեւ, որ հարիւրաւոր քաղաքացիներ այդ կէտը հասած էին իրենց ինքնաշարժները վառելանիւթով օժտելու ու ապա Արցախէն հեռանալու համար ։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ խառն իրավիճակ կը տիրէ Ստեփանակերտի կեդրոնական հիւանդանոցին մէջ, ուր հասած են հարիւաւոր վիրաւորներ։

Կացութիւնը բարդ է եւ զոհերու վերջնական թիւին մասին տուեալներ չեն փոխանցուիր։