image

Հոկտեմբեր 27-ի գործով կատարուած են շուրջ 1 տասնեակ հարցաքննութիւններ

Հոկտեմբեր 27-ի գործով կատարուած են շուրջ 1 տասնեակ հարցաքննութիւններ

Հոկտեմբեր 27-ի տարելիցի առթիւ ՀՀ ընդհանուր դատախազութիւնը մանրամասնութիւններ յայտնած է գործէն անջատուած մասով կատարուած նախաքննական աշխատանքներու մասին։

Ըստ դատախազութեան՝ 2019 թուականի դեկտեմբեր 27-ին վերսկսած՝ 1999 թուականի հոկտեմբեր 27-ին Նայիրի Յունանեանի եւ միւսներու կողմէ ահաբեկչական գործ կատարելու վերաբերեալ քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս 2025 թուականի հոկտեմբեր 27-էն առ այսօր կատարուած են ապացուցողական եւ վարութային շարք մը գործողութիւններ։

Մասնաւորապէս՝

  • Կատարուած են շուրջ մէկ տասնեակ հարցաքննութիւններ եւ լրացուցիչ հարցաքննութիւններ։
  • Ուղարկուած են տեղեկութիւններ պահանջելու վերաբերեալ դիմումներ։
  • Քրէական վարոյթին համար էական նշանակութիւն ունեցող շարք մը հանգամանքներ պարզելու նպատակով, օփերաթիւ-հետախուզական միջոցառումներ իրականացնելու վերաբերեալ երեք յանձնարարութիւն տրուած է օփերաթիւ մարմինին։
  • Կատարուած են փաստաթուղթերու զննումներ։
  • Քրէական վարոյթին համար էական նշանակութիւն ունեցող հանգամանքներ պարզելու նպատակով, հսկող դատախազին արտօնութեամբ առգրաւուած եւ ուսումնասիրուած են շարք մը գաղտնի փաստաթուղթեր։
  • Կը կատարուին գաղտնի քննչական գործողութիւններ։
  • Հսկող դատախազը նախորդող ժամանակահատուածին ընդունած է դէպքին մասին որոշ տեղեկութիւններ ունեցող քաղաքացիներ։ Ընդունելութիւններուն արդիւնքները փոխանցուած են քննիչին՝ համապատասխան ապացուցողական գործողութիւններ կատարելու նպատակով։

Յիշեցնենք, որ Գլխաւոր դատախազին՝ 2024 թուականի Փետրուար 14-ի որոշումով, քրէական վարոյթով նախաքննութիւնը շարունակելու յանձնարարութիւնը տրուած է Քննչական կոմիտէին։

 

Նախաքննութիւնը ընթացքի մէջ է։