image

Ռուսիա հրթիռներով հարուածած է Քիեւը․ Կան տասնեակ զnhեր

Ռուսիա հրթիռներով հարուածած է Քիեւը․ Կան տասնեակ  զnhեր

Ռուսական ուժերը սեպտեմբեր 30-ի գիշերը հրթիռներով եւ անօդաչուներով հարուածած են Քիեւն ու Քիեւի մարզը։ Հարուածներուն հետեւանքով երկու մարդ զոհուած է։

Քիեւի մարզային ռազմական վարչակազմի ղեկավար Թիմուր Թքաչենքոյի հաղորդմամբ՝ Վիշկորոտի մէջ փլուզած առանձնատան աւերակներէն երեխայի մարմին դուրս բերուած է։

Վիշկորոտի շրջանին մէջ քանի մը առանձնատուներ վնասուած կամ աւերուած են, իսկ բնակելի տանն ու ինքնաշարժներու կայանատեղիներու մէջ հրդեհներ բռնկած են։

Գիշերը ռուսական ուժերը պալիսթիք հրթիռներով հարուածած են նաեւ մայրաքաղաքը։ Քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքոյի տեղեկացմամբ՝ քաղաքի տարբեր շրջաններու մէջ հրդեհներ բռնկած են բնակելի թաղամասի, խանութի  եւ պահեստի մը մէջ։ Երկու անձ վիրաւորուած է, որոնցմէ մէկը հիւանդանոց փոխադրուած է։

Քիեւը եւ յարակից շրջանները վերջին օրերուն պարբերաբար ռուսական հարուածներու ենթարկուած են։ Սեպտեմբեր 28-ին Քիեւի մէջ երկու անձ զոհուած էր, իսկ 26-ը՝ վիրաւորուած։