image
Հրատապ լուրեր:

Սիւնիքի օրակարգով Սայէտ Խամէյնիյիի խօսքերը կը տարածուին Թեհրանի Իմամներուն բերնով

Սիւնիքի օրակարգով Սայէտ Խամէյնիյիի խօսքերը կը տարածուին Թեհրանի Իմամներուն բերնով

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդի ներկայացուցիչները երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ կրկնած են հայ-իրանական սահմանի վերեբերեալ Այաթուլլահ Ալի Խամէյնիյիի յայտարութիւնները: Այս մասին կը տեղեկացնեն իրանական լրատուամիջոցները:

Մասնաւորապէս, ըստ «ԻՌՆԱ» լրատուական գործակալութեան՝ Թեհրանի ուրբաթօրեայ աղօթապետ Մուհամմատ Հոսէյն Ապտութորապիֆարտը յայտարարած է. «Հոգեւոր առաջնորդը Թուրքիոյ նախագահի հետ հանդիպման ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Իրան հաղորդակցական ճանապարհին: Իրանը տարածաշրջանային փոփոխութիւններու նկատմամբ շատ զգայուն է,եւ թոյլ չի տար, որ վնաս հասցուի այն ճանապարհին, որ հազարաւոր տարիներու վաղեմութիւն ունի եւ տարածաշրջանի ժողովուրդներու հզօրութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան գործօններէն է»: Ելոյթի մէկ այլ մասին մէջ նշած է. «Ի հարկէ, մեր բոլոր հարեւանները՝ հարաւային, արեւելեան, արեւմտեան, հիւսիսային թող իմանան՝ իրենց հզօրութիւնը Իրանի հզօրութիւնն է: Մենք կը մտածենք անոնց տարածքային ամբողջականութեան, քաղաքական, պաշտպանական, տնտեսական, անվտանգային հզօրութեան մասին: Մենք Իրանի հզօրութիւնը տարածաշրջանի ժողովուրդներու հզօրութեան կողքին կը տեսնենք, եւ այդ Իրանի յստակ ռազմավարութիւնն է»:

Արեւելեան Ատրպատականի մէջ Հոգեւոր առաջնորդի ներկայացուցիչ եւ Թաւրիզի ուրբաթօրեայ աղօթապետ Մոհամմատ Ալի Ալ Հաշէմը նշած է. «Իրանը երբեք պիտի չհանդուրժէ որեւէ քայլ, որ Իրանի ու Հայաստանի սահմանի արգելափակման կը յանգեցնէ: Իրանը պիտի դիմակայէ ատոր, քանի որ այն հազարամեայ հաղորդակցական ճանապարհ է»:

Իլամ նահանգի մէջ հոգեւոր առաջնորդի ներկայացուցիչ եւ Իլամ քաղաքի ուրբաթօրեայ աղօթապետ Ալլահնուր Քեարիմիթապարն ալ, իր հերթին, ըսած է. «Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահներու այցի ընթացքին հայ-իրանական սահմանի հարցը եւս շեշտուեցաւ: Անոնք թող չպատկերացնեն, թէ կրնան սպառնալ հազարամեայ համաշխարհային մայրուղիին եւ Իրանի համար խոչընդոտ ստեղծել»:

Իրանի այլ շրջաններու ուրբաթօրեայ աղօթապետերը եւս նոյնութեամբ կրկնած կամ յիշատակած են Սայէտ Խամէյնիյիի յայտարարութիւնը: