image

Թրամփ չի գիտեր, թէ Թեհրանի մէջ որու հետ կը բանակցին

Թրամփ չի գիտեր, թէ Թեհրանի մէջ  որու հետ կը  բանակցին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ըսած է, որ չի գիտեր, թէ ամերիկացի պաշտօնեաները միջնորդներու միջոցով իրանական կողմէն որո՛նց հետ բանակցութիւններ կը վարեն՝ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ։

Այս մասին Թրամփ յայտարարած է Մոնթանա նահանգին մէջ կայացած հանրահաւաքի ընթացքին։ Ելոյթի տեսանիւթը տարածած է Fox News-ը։

«Անոնց ղեկավարները չկան։ Ես, հաւանաբար պէտք է ձգէի, որ անոնց առաջնորդները մնային, որովհետեւ պատկերացում իսկ չունիմ, գրողը տանի, թէ որո՛նց հետ բանակցութիւն կը վարենք», յայտարարած է Թրամփ։

Ան կրկին պնդած է, որ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններուն հետեւանքով Իրանը զրկուած է նաւատորմէն ու ռազմաօդային ուժերէն, իսկ բանակը «ոչնչացուած է»։

Հոկտեմբեր 12-ին Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային յայտարարած էր, որ Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ուղղակի շփումները կը շարունակուին, սակայն փոխզիջման հասնելու համար Իրանի պայմաններուն պահպանումը կը մնայ պարտադիր։

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆ Հոկտեմբեր 15-ի գիշերը յայտարարած է, որ Իրանը պէտք է պատրաստ ըլլայ պատերազմի՝ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններ վարելու պայմաններուն մէջ։

Անոր համաձայն՝ երկրին գլխաւոր խնդիրը ամերիկեան երկրորդ յարձակումը կանխելն է։ Միաժամանակ, ան նշած է, որ Ուաշինկթընի հետ համաձայնագիրի ստորագրումը որեւէ երաշխիք չի տար։

Հոկտեմբերին Թրամփ յայտնած էր, որ Ուաշինկթըն Իրանի հետ բովանդակալից բանակցութիւններ կը վարէ։ Միացեալ Նահանգներու նախագահը վստահեցուցած էր, որ մտադիր չէ յարձակիլ Իրանի վրայ՝ առնուազն մինչեւ Նոյեմբեր 3-ին կայանալիք Քոնկրէսի միջանկեալ ընտրութիւնները։