Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հանդիպած է գրող, համայնքային գործիչ եւ Քուէյթի մէջ գտնուող Industrial Metal Center Co ընկերութեան գործադիր տնօրէն Կիրակոս Գույումճեանի հետ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ յանձնակատարի գրասենեակէն:
Հանդիպման ընթացքին յանձնակատարը ներկայացուցած է գրասենեակի կողմէ մշակուած ծրագիրները եւ ընդգծած անոնց դրական ազդեցութիւնը Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ։ Այնուհետեւ, Զարեհ Սինանեանը պարոն Գույումճեանէն հետաքրքրուած է Քուէյթի մէջ սփիւռքահայերու համայնքային կեանքի եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու մասին:
Քննարկման ընթացքին հիւրը ներկայացուցած է իր նախաձեռնութեան մասին, որ կը կոչուի «Գնէք Հայաստանից» եւ նպատակ ունի նպաստել Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման: