Սիւնիքի մարզի Շուռնուխ գիւղին մէջ 11 ձի անցած է հակառակորդի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք։
Ձիերը կը պատկանին Շուռնուխի բնակիչ Գրիգոր Դարբինեանին։ Ան պատմեց, որ ձիերը սովոր էին այդ տարածքին, քանի որ նախապէս այդտեղ եղած է իրենց արօտավայրը։
«Նախապէս, երբ այդ մեր տարածքն էր, ձիերս միշտ այդտեղ արածած են, վերջերս ինչքան կը սորվեցնէի ուրիշ տարածքի, անընդհատ կ'ուզէին անցնիլ։ Լրիւ մեծ ձիեր են, ձագ չկար, յղի էին։ Տասը մայր է, մէկը՝ որձ։ Հետքերէն հասկցած ենք, որ անցած են, նաեւ բնակիչները տեսած են», պատմեց ան։
Շուռնուխցին ըսաւ, որ գիւղին մէջ արդէն 12 տարի ձի կը պահէ. «15 ձի ունէի։ Մնացածը կապուած էինք, չեն գացած։ Ծնած օրէս թուրք չեմ տեսած, Շուռնուխի մէջ ապրած եմ, այդ տարածքները մերը եղած է, ձիերն ալ սովոր էին։ 15 տարի է՝ ձի կը պահեմ»։