Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Հորմուզի նեղուցին մէջ «թշնամի նաւերը» շրջափակելու իր երկրին օրինական իրաւունքին մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ Fars գործակալութիւնը։
Արաքչիի համաձայն՝ ներկայիս Հորմուզի նեղուցին մէջ անապահով իրադրութիւնը «ԱՄՆ-ի եւ սիոնիստական վարչակարգին կողմէ օրէնքի խախտման եւ յարձակման ուղղակի հետեւանքն է»։
Ըստ գործակալութեան՝ նախարարը նշած է, որ թշնամիներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն պատկանող կամ անոնց հետ կապ ունեցող նաւերու տեղաշարժը կանխելը Իրանի՝ որպէս ծովեզերեայ պետութիւն, օրինական իրաւունքն է։
Արաքչին շեշտած է, որ Իրանի իրաւասու մարմինները, գիտակցելով նեղուցին մէջ նաւարկութեան անվտանգութիւնը ապահովելու իրենց պատասխանատուութիւնը, «անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկած են»։
Փետրուար 28-ին Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլական ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր նեղուցով նաւարկութիւնը գրեթէ դադրած է, որու հետեւանքով նաւթի գինը կտրուկ բարձրացած է։
ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփը վերջնաժամկէտ տուած էր Իրանին՝ Հորմուզի նեղուցը բանալու համար՝ սպառնալով հարուածել Իրանի ուժանիւթային ենթակառուցուածքները։ Աւելի ուշ, սակայն, Թրամփը յայտարարած է, որ այդ վերջնաժամկէտը կը յետաձգէ մինչեւ Ապրիլ 6։