image

Ռուսիան եւ Իրան կը պայքարին նոյն թշնամիին դէմ

Ռուսիան եւ Իրան կը պայքարին նոյն թշնամիին դէմ

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ թէ՛ Իրանի, թէ՛ Ռուսիոյ համար սպառնալիք կը ստեղծեն սկզբունքօրէն նոյն ուժերը, որոնք դէմ են երկիրներու օրինական շահերու ապահովման գաղափարներուն։

«Մենք արդէն մարտական ​​գործողութիւններ մէջ ենք անոնց հետ, որոնց կը համարենք մեր պաշտպանած գաղափարներու հակառակորդները, եւ անոնք, որոնք սպառնալիքներ կը ստեղծեն Ռուսիոյ Դաշնութեան համար: Եւ անոնք հիմնական նոյն ուժերն են: Իրանի մէջ, ինչպէս եւ Ռուսիոյ պարագային ալ նոյնն է, այնտեղ նոյնսիկ աւելի հեռու, խորքը, թիկունքէն կը գործեն այդ ուժերը, եւ անոնք նոյնիսկ մարտական ​​շփման գիծի վրայ չեն գտնուիր մեր հետ»,-ըսած է Փութին Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական ֆորումի լիագումար նիստին։