Շուէտի եւ Ֆինլանտայի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ խնդիր չկայ, ինչպէս Ուքրանիոյ հետ հետ, եթէ անոնք կը փափաքին մուտք գործել ՆԱԹՕ, թող միանան, սակայն Ֆինլանտայի եւ Շուէտի մէջ Ռուսիոյ ռազմական ենթակառուցուածքի տեղակայման պարագային Ռուսիան ստիպուած պիտի ըլլայ հայելային պատասխան տալու: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փուտթինը:
Յիշեցնենք, որ Շուէտը եւ Ֆինլանտան, Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ռազմական յատուկ գործողութեան լոյսին տակ, Մայիս 18-ին անդամակցութեան յայտեր ներկայացուցած էին ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարին: