image

ՇՀԿ երկիրներն աջակցութիւն յայտնած են Իրանի ինքնիշխանութեան

ՇՀԿ երկիրներն աջակցութիւն յայտնած են Իրանի ինքնիշխանութեան

Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) անդամ պետութիւնները աջակցութիւն կը յայտնեն Իրանի ինքնիշխանութեան եւ հանդէս կու գան հակամարտութեան կարգաւորման դիւանագիտական մեթոտներու օգտին։

Այս մասին նշուած է ՇՀԿ-ի 25-ամեակին առիթով Պիշքեքի մէջ ընդունուած հռչակագրի բնագրին մէջ, որ հրապարակուած է Քրեմլի կայքէջին վրայ։

Ըստ հռչակագրին՝ ՇՀԿ անդամ պետութիւնները խոր մտահոգութիւն կը յայտնեն Մերձաւոր Արեւելքի եւ Իրանի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն առնչութեամբ՝ դատապարտելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տարածքին ռազմական հարուածները, որոնք յանգեցուցած են բազմաթիւ քաղաքացիական զոհերու եւ երկրի տնտեսութեան զգալի վնասներու։

«Նման գործողութիւնները կը խախտեն միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներն ու չափանիշերը եւ լուրջ վտանգներ կը ստեղծեն միջազգային խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան համար», նշած են ՇՀԿ անդամ պետութիւնները։

«Անդամ պետութիւնները, կրկին հաստատելով իրենց աջակցութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, հանդէս կու գան հակամարտութեան բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով կարգաւորման օգտին։ Այս առնչութեամբ անոնք կ՚ողջունեն տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի ապամագլցման ուղղուած բոլոր ջանքերը», նշուած է հռչակագիրին մէջ։

ՇՀԿ-ի կազմին մէջ կան 10 պետութիւններ՝ Իրան, Ռուսիա, Պելառուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան, Ղազախստան, Ղրղզստան, Տաճիկստան, Ուզպեքիստան եւ Փաքիստան։

Հայաստանը ՇՀԿ-ի երկխօսութեան գործընկեր է 2015-էն ի վեր։