image
Հրատապ լուրեր:

Շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդունեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղարը

Շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդունեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղարը

«Հըզպալլա»ի գլխաւոր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդունած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ազգային ապահովութեան բարձրագոյն Խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանին եւ զինք ուղեկցող պատուիրակութիւնը։ Այս մասին հաղորդած է լիբանանեան Elnashra օրաթերթը՝ վկայակոչելով «Հըզպալլա»ի մամուլի ծառայութիւնը։

«Հըզպալլա»ի ղեկավարը կրկին իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան՝ Լիբանանին ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան համար՝ շեշտելով Լիբանանի եւ Իրանի ժողովուրդներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները։

Աւելի վաղ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ազգային Ապահովութեան Բարձրագոյն Խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանին Պէյրութի մէջ հանդիպած էր Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրիի հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին կողմերը շեշտած են իրենց երկիրներու ներքին գործերուն չմիջամտելու կարեւորութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած՝ գործակցելու տարբեր ոլորտներու մէջ։