image

Շարլ Միշել կարեւորած է Լաչինի միջանցքը բանալու խնդիրը

Շարլ Միշել կարեւորած է Լաչինի միջանցքը բանալու խնդիրը

Ես ընդգծած եմ Լաչինի միջանցքը բանալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նշած եմ Ատրպէյճանի կամքը՝ մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու Աղդամի ուղղութեամբ։

Պրիւքսէլի մէջ եռակողմ հանդիպման արդիւնքներով յայտարարած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել.

«Ես ընդգծած եմ Լաչինի միջանցքը բանալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նշած եմ Ատրպէյճանի կամքը՝ մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու Աղդամի ուղղութեամբ։ Եւ ես կը տեսնեմ երկու տարբերակներն ալ։ Եւ ես կը խրախուսեմ, որ մարդասիրական մատակարարումները երկու կողմէն ալ ապահովեն բնակչութեան կարիքները»։

Միշել նաեւ տեղեկացուցած է, որ ամառուընէ յետոյ մէկ եռակողմ հանդիպում եւս տեղի պիտի ունենայ։ Բացի այդ՝ Կրանատայի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ հնգակողմ հանդիպում Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ նախագահներու մասնակցութեամբ։