Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն օգնականներուն յայտնած է, որ պատրաստ է դադրեցնելու Իրանի դէմ ռազմական արշաւը, նոյնիսկ եթէ Հորմուզի նեղուցը մեծ մասամբ փակ մնայ։ Այս մասին գրած է The Wall Street Journal-ը։
Վերջին օրերուն Թրամփն ու իր խորհրդականները գնահատած են, որ նեղուցն ուժով բանալու առաքելութիւնը պիտի երկարաձգէ հակամարտութիւնը՝ դուրս գալով նախանշուած 4-էն 6 շաբթուան ժամկէտէն։ Նախագահը որոշած է, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է սահմանափակուի իր հիմնական նպատակներով՝ կազմալուծէ Իրանի ռազմածովային ուժերն ու հրթիռային պաշարները, ապա աւարտէ ռազմական գործողութիւնները։
Այնուհետեւ Ուաշինկթըն դիւանագիտական ճնշում պիտի գործադրէ Թեհրանի վրայ՝ առեւտուրի ազատ հոսքը վերականգնելու համար։ Եթէ այդ ջանքերը ձախողին, Միացեալ Նահանգները պիտի դիմէ Եւրոպայի եւ Ծոցի երկիրներու իր դաշնակիցներուն, որ վերջիններս ստանձնեն նեղուցի վերաբացման գործողութեան առաջնորդութիւնը։
Իրանը փակած է Հորմուզի նեղուցը ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ անոնց աջակցող երկիրներու նաւերու համար։
Իրանի խորհրդարանը նաեւ նոր օրէնք պիտի ընդունի, որով Հորմուզի նեղուցով անցնող նաւերէն վճարներ պիտի գանձուին։
Իրանի այս որոշումը յաջորդած է փետրուար 28-ին ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սկսած ռազմական գործողութիւններուն, որոնց ժամանակ հարուածներ հասցուած են նաեւ Թեհրանին։ Ի պատասխան՝ Իրանը կը հարուածէ Իսրայէլի եւ տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու մէջ գտնուող ԱՄՆ ռազմակայաններուն։