Սէուտական Արաբիան «պատմական քայլ» ըրած է. երկիրն այս տարի առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի «Միսս Տիեզերք» գեղեցկութեան մրցոյթին: Այս մասին գրած է al-monitor.com-ը՝ նկատելով, որ սա տեղի կ՚ունենայ այն լոյսին տակ, երբ խիստ պահպանողական թագաւորութիւնը կը շարժի դէպի կանանց իրաւունքներու ոլորտի մէջ աւելի շատ բարեփոխումներու իրականացումը:
27-ամեայ սէուտցի մոտել Ռումի ալ Քահթանին պիտի մասնակցի գեղեցկութեան համաշխարհային մրցոյթին, որ պիտի կայանայ սեպտեմբերին Մեքսիքայի մէջ։
Քահթանին «Միսս Տիեզերք»-ին իր մասնակցութեան մասին լուրը յայտնած է Instagram-ի էջին կատարած գրառմամբ:
«Ինծի համար պատիւ է մասնակցիլ «Միսս Տիեզերք 2024» մրցոյթին։ Սա Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան առաջին մասնակցութիւնն է «Միսս տիեզերք» մրցոյթին»,- գրած է ան։