image
Հրատապ լուրեր:

Սա, իսկապէս, մեր լինելութիւնը որոշող քուէարկութիւն է. Միրզոյեան

Սա, իսկապէս, մեր լինելութիւնը որոշող քուէարկութիւն է. Միրզոյեան

Վստահ եմ, որ շատ բարձր մասնակցութիւն պիտի ըլլայ, եւ այդ իմ տպաւորութիւնն է, այդ նաեւ քարոզարշաւի ընթացքին ստացած իմ տպաւորութիւնն է: Մարդիկ շատ հետաքրքրուած են ընտրութիւններով, մարդիկ կը գիտակցին, որ իրենց ձայնը պիտի ըսեն, եւ իւրաքանչիւր մարդու իւրաքանչիւր ձայնէ կախուած է մեր ընդհանուր ապագան: Այդ մասին քուէարկութեան մասնակցելէ ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

«Ես այս ընկալումը տեսել եմ մեր հանրութեան, մեր քաղաքացիների շրջանում, եւ կարծում եմ՝ շատ բարձր մասնակցութիւն կը լինի:

Նաեւ կարող եմ ասել, որ մեր ժողովուրդը շատ իմաստուն է, եւ իսկապէս բոլոր նրբութիւնները, բոլոր մարտահրաւէրները շատ լաւ գիտակցում է, նաեւ դրա համար վստահ եմ, թէ ինչպիսի ընտրոթիւն կ՚անի»,-ըսած է ան:

Անդրադառնալով լրագրողի դիտարկման, թէ կայ վարկած, որ դուրսէն եկած ՀՀ քաղաքացիները դժգոհութիւն գոյացնելու, հանրահաւաքներու մասսայականութիւնն ապահովելու համար եկած են, Արարատ Միրզոյեանը նշած է. «Նրանք, ովքեր մտածում եմ յեղաշրջման մասին, գլուխները պատին են տուել: Ասուել է 1000 անգամ ու էլի կ՚ասուի՝ պետութեան համը բերաններում է մնալու: Իրենք էլ տարիներով, ով կը յանդգնի մարտահրաւէր նետել ՀՀ-ին, մեր պետականութեանը, մեր ինքնիշխանութեանը, մեր սահմանադրական կարգին, տարիներով կը փտեն բանտերում:

Սա, իսկապէս, մեր ինքնիշխանութեան ձեւը, կերպը եւ ընդհանրապէս լինելութիւնը որոշող քուէարկութիւն է: Նրանք, ովքեր մարտահրաւէր կը նետեն մեր պետականութեանը, մեր ինքնիշխանութեանը, մեր ժողովրդավարութեանը, գլուխները պատին կը տան: Դրանից լաւ արձագանգ չեմ կարող գտնել, եւ պետութեան համը բերաններում կը մնայ»: