image

Ռուսիա ծանրօրէն կը հարուածէ Քիեւը

Ռուսիա ծանրօրէն կը հարուածէ Քիեւը

Դեկտեմբեր 29-ի առաւօտեան Ռուսիա աւելի քան 120 հրթիռ արձակած է Ուքրանիոյ ուղղութեամբ։ Այս մասին Twitter-ի էջին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Փոտոլիաքը։

«Աւելի քան 120 հրթիռ ամբողջ Ուքրանիոյ վրայ՝ արձակուած «չար ռուսական աշխարհի» կողմէ, ոչնչացնելու կարեւոր ենթակառուցուածքները եւ կոտորելու խաղաղ բնակիչները»,- գրած է Փոտոլիաք ժամը 09:21-ին։

Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ համար անվտանգութեան երաշխիքներ ուզողներէն «նոր առաջարկներ» կ'ակնկալէ։

«Կը սպասենք «խաղաղապահներու» յաջորդ առաջարկներուն «խաղաղ կարգաւորման», «Ռուսիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու» եւ սադրանքների անցանկալիութեան մասին», -ըսած է Փոտոլիաքը:

Նշենք, որ դեկտեմբեր 29-ի առաւօտեան օդային տագնապ յայտարարուած է Ուքրանիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ, բացառութեամբ արեւմտեանի։ Առաւօտեան ժամը 8-ի դրութեամբ ամբողջ հանրապետութեան մէջ հնչած են տագնապի ազդանշաններ:

Ինչպէս պարզաբանած է «Հարաւ» օպերատիւ հրամանատարութիւնը, ռուսական զօրքերը Սեւ ծովուն մէջ մարտական հերթապահութեան դուրս բերած են երկու վերգետնեայ հրթիռակիր։ Արձակման պատրաստ է մինչեւ 20 «Քալիպր» հրթիռ։