image

Ռուսիա եւ ԱՄՆ մօտ են վառելանիւթի համաձայնագիրի ստորագրութեան. Ռուս պաշտօնեայ

Ռուսիա եւ ԱՄՆ մօտ են վառելանիւթի համաձայնագիրի ստորագրութեան. Ռուս պաշտօնեայ

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տիզելային վառելանիւթի մատակարարման պայմանագիրներու ստորագրման գործընթացը կը գտնուի աւարտական փուլին մէջ։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանդր Նովաք։

«Երկու առաջնորդներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն համաձայն՝ մենք, մեր կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ, ամբողջութեամբ պիտի բաւարարենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կարիքները։ Ստորագրման գործընթացը կը գտնուի աւարտական փուլին մէջ», ըսած է ան։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած էր, որ Ռուսիա պատրաստ է Միացեալ Նահանգներուն եւ համաշխարհային շուկաներուն մատակարարելու 300 հազար թոն տիզելային վառելանիւթ, Նոյեմբերին՝ 500 հազար թոն, իսկ աւելի ուշ՝ մէկ միլիոն թոն։