Ան պարզաբանած է, որ հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են թռիչքներու վերսկսման եւ համագործակցութեան հարցերը:
Զբօսաշրջային ընկերութեան աշխատակից Անահիտ Այվազեանը աւելցուցած է, որ Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրութիւն եղած է Ռուսաստանի բոլոր մարզերու ներկայացուցիչներու կողմէ, անգամ հարցումներ ստացուած են անհատական, խմբային, արտակարգ (էքսթրեմալ) եւ հաւաքական շրջագայութիւններու վերաբերեալ:
Մէկ այլ զբօսաշրջային ընկերութեան ներկայացուցիչ Գագիկ Յակոբեանն ալ յայտարարած է, որ հայկական տաղաւարի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մեծցած է: «Մարդիկ կը հետաքրքրուին, այդ թուում նաեւ օդանաւի տոմսերի գիներով: Ի հարկէ, գրեթէ անհնար է ապահովել, որ «Քորոնա» ժահրի շրջանում գները լինեն 60 000-80 000 դրամի սահմաններում»,-աւելցուցած է ան:
Յակոբեանը նշած է տեղեկատուական քաղաքականութեան մէջ պետութեան կարեւոր դերը:
Անի Արեւշատեանը պարզաբանած է, որ իշխանութիւններն աշխոյժօրէն աշխատանք կը տանին այդ ուղղութեամբ, այդ թուում՝ արաբական երկիրներէն հնարաւոր զբօսաշրջիկներու ներգրաւման ուղղութեամբ:
Յիշեցնենք, որ «MITT» միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսը կայացած է Մոսկուայի մէջ, 16-18 մարտին: