image

Նոր Աթոմակայանի կառուցման խնդրով միջազգային հետաքրքրուածութիւն

Նոր Աթոմակայանի կառուցման խնդրով միջազգային հետաքրքրուածութիւն

Հայաստանի մէջ նոր աթոմակայանի կառուցման նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են ԱՄՆ-ն, Ռուսիան, Հարաւային Քորէան եւ Չինաստանը. այս մասին DW-ի հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխնախարար Յակոբ Վարդանեանը, որ կը վերահսկէ ուժանիւթի ոլորտը։

DW-ն կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի աթոմակայանի շահագործման ժամկէտը հաշուարկուած է մինչեւ 2026թ., սակայն, ըստ նախնական գնահատականներու, կայանը կրնայ աշխատիլ մինչեւ 2039 թուականը։ Մինչ այս ՀՀ-ն պէտք է գործարկէ նոր կայան՝ ելեկտրական ուժանիւթի պակասէն խուսափելու համար:

«Հայաստանը դեռ չէ կողմնորոշուած նոր ելեկտրակայանի մոտելի հարցով. բանակցութիւններ կ՚ընթանան այն երկիրներու հետ, որոնք արհեստագիտութիւններու հնարաւոր մատակարարներ են, եւ, ինչպէս կը պարզուի, ատոնք բաւականին քիչ են», - նշած է գործակալութիւնը։

Դեռ 2023 թուականի յուլիսին ՀՀ կառավարութիւնը աշխատանքային խումբ ուղարկած է ԱՄՆ, որ ծանօթացած է ամերիկեան միջուկային արհեստագիտութիւններուն, փոքր մոտուլային հակազդակներուն եւ ատոնց մշակումներուն։ Փոքր մոտուլային հակազդակները, որոնք նաեւ յայտնի են որպէս «մինի աթոմակայաններ», աւելի քան մէկ տասնամեակ եղած են մասնագիտական եւ քաղաքական բանավէճի թեմայ: Շատ փորձագէտներ ատոնք կը համարեն ապագայի խոստումնալից աթոմակայաններ։ Այս տարուան փետրուարին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ Հայաստանը կը դիտարկէ մոտուլային միջուկային ելեկտրակայանի կառուցման հնարաւորութիւնը եւ որպէս կարեւոր փաստարկ մատնանշած է ատոր անվտանգութեան բարձր մակարդակը։

«Հայաստանում քննարկւում է մի տարբերակ, երբ նոր էներգաբլոկի հզօրութիւնը չպէտք է լինի 600-700 ՄՎտ-ից բարձր»,- ըսած է Վարդանեանը՝ աւելցնելով, որ կառավարութիւնը հակուած է փոքր մոտուլային հակազդակներու կառուցման, սակայն այս ճանապարհին գլխաւոր խոչընդոտն այն է, որ ներկայիս աշխարհի մէջ նման տիպի գործող աթոմակայաններ չկան։

Մոտուլային հակազդակներ նախագծող ընկերութիւնները, ըստ Յակոբ Վարդանեանի, անընդհատ կը յետաձգեն  կառուցման համար սահմանուած ժամկէտները։

«Շատերի, այդ թւում՝ ամերիկեան ընկերութիւնների պարագայում, ամէն ինչ մշակման փուլում է: Առաջ է շարժուել միայն ամերիկեան NuScale ընկերութիւնը։ Այն լիցենզիա է ստացել իր 50 ՄՎտ հզօրութեամբ էներգաբլոկների կառուցման համար։ Բայց NuScale-ը յետաձգել է դրանց կառուցումը եւ որոշել է կառուցել 77 ՄՎտ հզօրութեամբ էներգաբլոկներ եւ գտնւում է վերջնական լիցենզաւորման փուլում»,-ըսած է Վարդանեանը եւ աւելցուցած, որ նման ելեկտրակայաններու կառուցումը կ՚արժէ շատ աւելի թանկ, քան նախորդ տարբերակը։

Փոխնախարարի խօսքով՝ Հարաւային Քորէան նոյնպէս շահագրգռուածութիւն յայտնած է Հայաստանին տրամադրել 170 ՄՎտ հզօրութեամբ մոտուլային ելեկտրակայաններ, որոնք նախագիծով նման են ամերիկեաններուն։

«Բլոկի բարձր հզօրութիւնը, ի հարկէ, նուազեցնում է ինքնարժէքը, բայց խնդիրն այն է, որ այս մշակումը դեռ լիցենզաւորուած չէ»,- նշած է Վարդանեանը՝ աւելցնելով, որ արտօնագրման գործընթացի մէջ են նաեւ ռուսական եւ չինական մշակումները։

Փոքր մոտուլային հակազդակներու շահագործման փորձի բացակայութեան պատճառով ՀՀ կառավարութիւնը չի շտապեր վերջնական որոշում կայացնել։

«Եթէ մենք ուզում ենք արագացնել գործընթացը, ապա պէտք է 1000 ՄՎտ-ից աւելի հզօրութեամբ ատոմակայան կառուցենք աւանդական տեխնոլոգիաներով, ինչը զգալիօրէն գերազանցում է մեր կարիքները»,- պարզաբանած է փոխնախարար Վարդանեանը։

Ան աւելցուցած է, որ կառավարութիւնը մտադիր է մինչեւ 2025 թուականի կէսերը վերջնական որոշում կայացնել կայանքներու մոտելի եւ մատակարարող երկրի ընտրութեան վերաբերեալ։

DW-ն գրած է, որ ներկայիս Հայաստանի ելեկտրական ուժանիւթի կարիքը կը կազմէ մօտ 1200 ՄՎտ, որ մօտաւորապէս հաւասար չափաբաժիններով կ՚ապահովեն ջրաելեկտրակայանները, ՋԷԿ-երը եւ աթոմակայանը։ Կ՚աճի նաեւ արեւային կայաններու թիւը, սակայն ատոնց մասնաբաժինը Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութեան ընդհանուր ծաւալին մէջ դեռ աննշան է՝ 2023 թուականի առաջին կիսամեակի տուեալներով՝ 4%-էն քիչ մը աւելի։