Ռուսական ռազմանաւերը տեղափոխուած են Ղրիմի նաւահանգիստներ: Այս մասին յայտնած է Օտեսայի տարածաշրջանային ռազմական վարչակազմի շտաբի ներկայացուցիչ Սերկէյ Պրաթչուքը:
«Ռուսաստանի Դաշնութեան սեւծովեան «Իսկանտերները» այժմ տեղափոխուած են Թարխանկուտ հրուանդան եւ Տոնուզլաւ լիճը եւ մտադիր չեն զօրքեր իջեցնել մեր ափին, քանի որ գիտեն, թէ ինչով այդ կ'աւարտի իրենց համար», ըսած է Պրաթչուքը: