image

ՌԱԿ-ի Նուիրեալներէն՝ Լութֆի Թապագեանի կորուստը

ՌԱԿ-ի Նուիրեալներէն՝  Լութֆի Թապագեանի կորուստը

Օրերս Լոս Անճըլսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) մամլոյ երախտաւորներէն՝ Լութֆի Թապագեանը։

 Այս մասին իմացանք «Պայքար» շաբաթաթերթէն։

 Ստորեւ  մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք «Պայքար»ի  վարչական տնօրէն Տիար Յակոբ Վարդիավառեանի  կողմէ այս առթիւ գրուած հակիրճ մահագրականը։

Դառն կսկիծով իմացանք ռամկավար ազատական մամուլի երախտաւոր խմբագիրներէն ընկեր Լութֆի Թապագեանի մահը, որ պատահեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Սեպտեմբեր 23ին:

Ան ծնած է Հալէպ 1941ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Վարդանեան եւ ՀԲԸՄի Լ.Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ: 1959ին ընտանիքով փոխադրուած է Պէյրութ, ուր ուսումը շարունակած է Վիեննայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ: 

Այնուհետեւ բարձրագոյն ուսումը շարունակելու համար (նման սփիւռքահայ մեծ թիւով ուսանողներու) մեկնած է Երեւան եւ 1968ին աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական ինստիտուտի դերասանական բաժինը: Լութֆիին սէրը դէպի թատրոն առաջնորդած է զինք դէպի թատերական հարթակ: Վերադառնալով Պէյրութ, կարգ մը գործնակիցներու հետ հիմնած է «Վարդան Աճէմեան» թատերախումբը, ուր թատերական գործունէութիւն ունեցած է լիբանանահայ բեմին վրայ. շրջան մը երբ հայ թատրոնը կ'ապրէր իր զարթօնքը: 

1970ին հիմնադիր խմբագիրներէն եղած է Պէյրութի «Երիտասարդ Հայ.» երկշաբաթաթերթին. թերթ, որ եղած է լիբանանահայ եռուն կեանքի տարիներուն որպէս յառաջադէմ մտածողութեան փարոս, մասնակցութեամբ՝ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի, Ժիրայր Դանիէլեանի, Լեւոն Թորոսեանի, Օշին Գրքեաշարեանի, Պետրոս Թերզեան եւ այլոց:

Ան 1978ին փոխադրուած է Լոս Անճելըս: 1978-1990 տարիներուն վարած է տեղւոյն յառաջդիմական միտումներով «Լրաբեր» շաբաթաթերթի պատասխանատու-խմբագրի պաշտօնը («Լրաբեր» դադրած է լոյս տեսնելէ 1990ին):

1981-1984 թուականներուն եղած է վարիչ-խմբագիրը «Նոր Օր»ին, խմբագրական կազմ ունենալով ընկերներ Նուպար Ակիշեանը, Վաչէ Սեմերճեանը եւ Անահիտ Օրջանեանը: 1986ին պարգեւատրուած է Խորհրդային Հայաստանի Խաչատուր Աբովեանի անուան Մամլոյ եւ Ազգային-Մշակութային գործունէութեան շքանշանով: 1996ին մաս կազմած «Նոր Օր»ի խմբագրական մարմինին (ընկերներ Փայլակ Ահարոնեան, Տոքթ. Գրիգոր Գրիգորեան, Մինաս Գոճայեան եւ Խաչիկ Ճանոյեան): Լութֆին 1996ի կէսերէն մինչեւ 1998ի աւարտը վարած է «Նոր Օր»ի պատասխանատու-խմբագրի պաշտօնը: Ան 2000էն սկսեալ անդամ է «Նոր Օր»ի խմբագրական մարմնին:

Կուսակցական կեանքի ելեւէջներուն հետ իր ալ խմբագրական կեանքը ունեցած է դժուարութիւններ, սակայն մի՛շտ պահած է իր լաւատեսութիւնը: «Նոր Օր»ի հրատարակութեան աշխատանքներուն լայն բաժին ունեցած է իր կողակիցը՝ Մատլէն Թապագեան:

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 4ին եւ մարմինը պիտի ամփոփուի Հոլիվուտ Հիլզի Ֆորեսթ Լոն գերեզմատան մէջ: