Հայաստանի քաղաքականութիւնը, որ Եւրոմիութեան անդամակցելու մտադրութիւն յայտարարելով հանդերձ միաժամանակ կ՚օգտագործէ ԵԱՏՄ-ի հնարաւորութիւնները, ցինիկ է, յայտարարած է Տումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտին։
«Ցանկալի է, որ Հայաստանը կեղծաւոր քաղաքականութիւն չվարէ, որովհետեւ եթէ Հայաստանը օրէնք կ՚ընդունի Եւրոմիութեան անդամակցելու մտադրութեան մասին, ապա ինչո՞ւ կ՚օգտագործէք ԵԱՏՄ-ի հնարաւորութիւնները։ Ինչո՞ւ կը խաբէք անոր անդամները։ Ասիկա ցինիկութիւն է, ասիկա սխալ է։ Յստակ ըսէք՝ դէպի Եւրոմիութի՞ւն կ՚երթաք։ Գացէք։ Բայց այդ պարագային այստեղ արտօնութիւններ ստանալու պէտք չկայ», ըսած է Վոլոտին։