image

Փաքիստանի մէջ աղէտ. Զոհուած է 15 նորածին

Փաքիստանի մէջ աղէտ. Զոհուած է 15 նորածին

Առնուազն 15 նորածին զոհուած է Փաքիստանի Իսլամապատ քաղաքին մէջ Փաքիստանի բժշկական գիտութիւններու հիմնարկի ծննդատան մէջ տեղի ունեցած հրդեհին հետեւանքով։ Այդ մասին կը հաղորդէ Geo հեռատեսիլի կայանը՝ վկայակոչելով պաշտօնատար անձեր։

Ըստ անոր տուեալներուն՝ նորածիններու սենեակին մէջ պատահարի պահուն գտնուած է 16 երեխայ։ Միայն մէկ երեխայ յաջողած են փրկել։

Հրդեհը ծագած է տեղական ժամանակով ժամը մօտ 06։45-ին (Երեւանի ժամանակով՝ 05։45-ին)՝ երրորդ յարկի սենեակին մէջ տեղադրուած օդորակիչի սեղմիչի (քոմփրեսոր) պայթումին հետեւանքով։ Հրդեհը մարուած է, իսկ տեղւոյն վրայ կը շարունակուին կառոյցներու հովացման աշխատանքները։

Միջադէպը քննելու համար ստեղծուած է յանձնաժողով՝ շրջանի փոխյանձնակատարի գլխաւորութեամբ։ Յանձնաժողովը պէտք է պարզէ հրդեհի բռնկման ստոյգ պատճառը եւ պատահարին հանգամանքները։