Սուրիոյ Հայ Աւետարանական պատուիրակութեան ներկայութիւնը արտայայտութիւն մըն էր Քեսապի հայկական եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւններուն եւ փոխադարձ յարգանքին՝ քրիստոնէական հաւատքի եւ վկայութեան ոգիով։
Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2026-ին, ընդառաջելով Հայ Կաթողիկէ Համայնքի եղբայրական հրաւէրին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ընկերակցութեամբ Քեսապի եւ Շրջանի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հովիւ Պատ. Շանթ Ակիշեանի եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն, մասնակցեցաւ Պաղճաղասի Հայ Կաթողիկէ համալիրին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին՝ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով։
Ս. Պատարագը մատուցեց Հայ Կաթողիկէ Հալէպի Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերպ. Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզուզեան, մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու։
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական պատուիրակութեան ներկայութիւնը արտայայտութիւն մըն էր Քեսապի հայկական եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւններուն եւ փոխադարձ յարգանքին՝ քրիստոնէական հաւատքի եւ վկայութեան ոգիով։
Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ աւանդական Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։



