Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը, յայտնած են Հակափտածութեան կոմիտէէն։
Յիշեցնենք, որ Սերժ Սարգսեանը որպէս մեղադրեալ կ՚անցնի ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դէմ յարուցուած քրէական վարոյթով. Քոչարեանի պաշտօնավարման ընթացքին ան զբաղցուցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը։
Առաջին դրուագով ան 2005-2007-ին օրէնսդրութեան խախտմամբ Նալպանտեան 16 եւ Վազգէն Սարգսեան 20 հասցէներու հողամասերն օտարած է «Պիացցա Գրանդե» ընկերութեան, որու հետեւանքով Ռոպերթ Քոչարեանը ստացած է անշարժ գոյք։
Երկրորդ դրուագով Սարգսեանը կը մեղադրուի Իսակովի պողոտայի վրայ գտնուող պետական հողատարածքը ցած գինով օտարելուն համաձայնութիւն տալու մէջ, որ կապուած է «Տոյոտա Երեւան» ընկերութեան բաժնեմասերը Քոչարեանի որդիին որպէս կաշառք տալու գործընթացի հետ։
Ըստ մեղադրանքի՝ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, իր մտերիմ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ, պաշտօնէական դիրքն օգտագործելով, տարբեր շինծու հիմքերով պետական սեփականութենէն առանձնացուցած եւ շուկայականէն էականօրէն ցածր գիներով ձեռք բերած է հասարակական եւ տնտեսական նշանակութիւն ունեցող շարք մը արժէքաւոր գոյքեր։ Քոչարեանն այժմ բուժզննութիւն կ՚անցնի․ անոր խափանման միջոցի հարցը պիտի որոշուի յետոյ։