image
Հրատապ լուրեր:

Գէորգ Գանտահարեան (ԽԷ.) Մարդկային անշահախնդիր վերաբերմունք… (Մահուան 20-ամեակին առիթով)

Գէորգ Գանտահարեան (ԽԷ.) Մարդկային անշահախնդիր վերաբերմունք… (Մահուան 20-ամեակին առիթով)

Այնճար, «Տիգրանեան» սրահ, 1965, յունիս

Այդ ժամանակներուն սովորութիւն կար  ամավերջի հանդէսէն եւ վկայականաց բաշխումէն ետք խրախճանք-դրամահաւաք կազմակերպելու ի նպաստ Յառաջ վարժարանին: Մեր ուսուցիչներէն Պետրոս Շէմմէսեանը յայտարարեց, որ այս ուրախ առիթով քաղաքէն յատուկ թամատա հրաւիրուած է խրախճանքը շէնացնելու եւ ներկաներուն «գրպանները պարպելու» համար: Շէմմէսեանը յաւուր պատշաճի մեր հիւրը ներկայացնելէ ետք յատուկ շեշտեց նաեւ, որ ան շօշափելի նպաստ բերած է Այնճարի մշակութային կեանքին, որովհետեւ եղած է առաջին խմբավարը, որ յանձն առած է քաղաքէն հեռու մեր գիւղին մէջ կազմակերպել ու ղեկավարել մասնագիտական երգչախումբ…

Բեմ բարձրացաւ ժպտերես, միջին հասակով մէկը, որ առանց ոչ մէկ յառաջաբանի այնճարցիներու եւ պուրճհամուտցիներու տարբերութիւններուն մասին քանի մը սրամիտ անեկդոտներ պատմելէ ետք, ոչ միայն զուարթ մթնոլորտ մը կրցաւ ստեղծել, այլ նաեւ անմիջապէս համակրանքն ու վստահութիւնը շահեցաւ ներկաներուն: Այս թամատան տարբեր տեսակի ու որակի սեղանապետ մըն էր: Անձնապէս այնքան խանդավառուեցայ, որ որոշեցի, որ  երբ մեծնամ, ես եւս թամատա դառնամ: Յամենայն դէպս, այդ օրէն ի վեր միտքս մնաց Գէորգ Գանտահարեան անունը…

Գէորգ Գանտահարեանի կիսանդրին` «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ: Գործ` Վարդան Աւեսեանի:

Անթիլիաս, 1985, հոկտեմբեր

Այդ օրերուն բառին բուն իմաստով տնանկ (Homeless) էի: Վանքին մէջ ինծի յատկացուած էր սենեակ մը, ուր կ՛ապրէի ու միաժամանակ կը դասաւանդէի Մարտիկեան վարժարանը` իբրեւ գծագրութեան ուսուցիչ, ու Պիքֆայայի դպրեվանքը` իբրեւ գեղանկարչութեան, արուեստի պատմութեան ու  գեղագիտութեան դասատու:

Գարեգին Բ. վեհափառի եւ իմ դասապահները դասաւորուած էին երեքշաբթի եւ ուրբաթ նոյն օրերը, որպէսզի վեհափառ հայրապետին հետ, իր ինքնաշարժով բարձրանայի դպրեվանք եւ իրեն հետ վերադառնայի, որովհետեւ մենք` Մուսա լերան եւ Քեսապի բարբառով` «Քիսթընըկ» կը խօսէինք իրարու հետ զանազան հարցերու շուրջ, այդպիսով ալ որոշ մտերմութիւն մը ստեղծուած էր մեր միջեւ: Իր «թոյլտուութեամբ» ինքնաշարժին ետեւի նստարանը քովը  կը նստէի: Հաճելի զրուցակից էր վեհափառը: Օր մը պատահեցաւ, որ Գանտահարեանը մեզի հետ բարձրանայ դպրեվանք: Երբ վարորդէն տեղեկացայ այս մասին, չէի գիտեր, թէ ո՞ւր պէտք է որ նստիմ, ինքնաշարժին առջե՞ւը, վարորդին քո՞վ, թէ՞ ետեւը` վեհափառին քով: Երբ անոնք միասնաբար իջան վեհարանէն, ես հարցական կերպով նայեցայ վեհափառի աչքերուն ու ցոյց տուի առջեւի դուռը, ան հայեացքով հաստատեց, եւ վարորդին քով նստայ:

Ձախէն աջ` Երուանդ Փամպուքեան, Գէրոգ Գանտահարեան, Կարապետ Քըվըրեան, Գարեգին սրբազան (հետագային` կաթողիկոս), Արշաւիր Շիրակեան, Եդուարդ Տասնապետեան, Հայր Կոմիտաս եւ Նուպար Չարխուտեան:

Անոնց զրոյցէն անդրադարձայ, որ Գանտահարեանը գնահատուած ու մեծարուած անձնաւորութիւն մըն է վեհափառին ու առհասարակ վանքի անձնակազմին համար: Մանաւանդ որ երբ մօտեցած էինք արդէն Պիքֆայա, ան ըսաւ. «Պրն. Գանտահարեանը մեր վանքի  աշխարհական անդամը կը նկատուի, անոր կարծիքը կարեւոր է մեզի համար»: Թէեւ անմիջապէս իմ վերաբերմունքս փոխուեցաւ իրեն հանդէպ, այնուամենայնիւ ինք մնաց նոյն մարդամօտ, անմիջական ու համեստ ընկերը:

Ի դէպ, թէեւ դպրեվանքի աշխարհական թէ հոգեւոր բոլոր պաշտօնակիցներս վեհանձն, բարի ու մարդամօտ անձնաւորութիւններ էին, սակայն անոնց մէջ աւելի մօտիկ կը զգայի Գանտահարեան եւ Միքայէլեան երկու Գէորգներուն, որոնք իրենց զուարթախոհ բնաւորութեամբ ու ինծի հանդէպ ցուցաբերած հոգատարութեամբ, կը թեթեւցնէին հոգեկան տագնապալից վիճակս, որ մէկ կողմէ հետզհետէ աւելի կը ծանրանար եւ միւս կողմէ աւելի ծանօթ կը դառնար իրենց եւ առհասարակ` շրջապատիս:

Իմ մարդասէ՛ր ու արդարամի՛տ ընթերցող,

Որպէսզի ճիշդ ըմբռնես անձկութեամբ լի կացութիւնս, բացատրեմ. հայրենիքին մէջ տասնամեակ մը հոգեմտային գերլարուած, երբեմն տանջալից բազմաթիւ «պահեր»  անցընելէ ետք, երբ Պէյրութ վերադարձայ 1981-ին, չգտայ հոգեկան այն խաղաղութիւնը, զոր կ’ակնկալէի: Ընդհակառակն` յուսախաբութիւններ, տնտեսական անփառունակ վիճակ, չգնահատուած ըլլալու վիրաւորանք, որոշ անհատներու կողմէ ծրագրուած հալածանք, ապագայի անորոշութիւն ու մասամբ նորին… կեանքս դարձուցած էին տագնապալից ու անտանելի: Այս բոլորը հետզհետէ հոգեկան տուայտանքներս կը բազմապատկէին ու կ՛առաջնորդէին զիս դէպի… ջղագարութիւն: Ահա թէ ինչո՛ւ շաբաթը երկու անգամ դպրեվանք բարձրանալն ու իմ սիրած նիւթերս դասաւանդելը օրհնութիւն էին ինծի համար: Հեռու` քաղաքի տաղտկալի միջավայրէն, դպրեվանքի անդորրութիւնը, բնութիւնն ու  երկու Գէորգներու, ինչպէս նաեւ Վարուժան սրբազանին (Հերկելեան) ներկայութիւնը կազդուրիչ դեր կը կատարէին ինծի համար: Արդար ըլլալու համար պէտք է նշեմ նաեւ` «Ազդակ»-ի մշակութային էջերը եւս (զորս երկուշաբթի օրերը կը գրէի ու խմբագրէի) սփոփիչ մխիթարանք էին ինծի այդ օրերուն:

Իմ հարազա՛տ ընթերցող,

Ձախէն աջ` Գէորգ Գանտահարեան, Հրաչ Տասնապետեան, Եդուարդ Պոյաճեան, Գարեգին վարդապետ (հետագային` կաթողիկոս), Խորէն սրբազան (հետագային կաթողիկոս), Զարեհ կաթողիկոս, Տաճատ սրբազան, Եդուարդ Տասնապետեան, Գառնիկ Բանեան եւ Երուանդ Փամպուքեան: Վերի շարքը, ձախէն աջ` Յարութիւն Գեղարդ, Գրիգոր Շահինեան, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Յակոբ Իսկենտերեան եւ Շաւարշ Թորիկեան:

Այս հեղձուցիչ մթնոլորտին մէջ էր, որ պատահեցաւ յատկանշական դէպք մը, զոր կ՛ուզեմ ուշադրութեանդ յանձնել նոյնութեամբ, հակառակ անոր որ առիթով մը արդէն իսկ պատմած եմ:

Արեւոտ հաճելի օր մըն էր, ազատ պահերէն մէկուն ընթացքին դուրս եկայ դպրեվանքի հին շէնքէն (նոր շէնքը տակաւին չէր կառուցուած) եւ բնազդաբար դիմեցի դէպի Եղեռնի յուշարձանը: Զաւէն Խտըշեանի այս կոթողը հոգեկան ամրութիւն եւ վերականգնելու ուժ կը ներշնչէր ինծի: Զգացի, թէ մէկը ետեւէս կու գար… ետ դարձայ, Գանտահարեանն էր: Խորհրդանշական ժպիտով մը ըսաւ.

– «Մտքերդ ո՞ւր են աբեղայ», Այնճա՞ր, թէ՞ Հայաստան…

– Ոչ մէկը եւ ոչ ալ միւսը, հոս լաւ է, սակայն երեկոյեան Պէյրութ պիտի իջնեմ, ու ամէն ինչ պիտի փոխուի…

– Նայէ Մովսէս, Յակոբ Յակոբեանէն նուէր ստացած եմ ջրանկար մը, զոր կ՛ուզեմ ցոյց տալ քեզի, եթէ շաբաթ օր մեզի հանդիպիս, առիթ մը կ՛ըլլայ նաեւ միասին ճաշելու:

Չմերժեցի:

Շաբաթ օր ժամանակին հոն էի, թէեւ հոն չէին Վարուժան արք. Հերկելեանը (այդ օրերուն` վարդապետ), Գէորգ Միքայէլեանը եւ կամ Երուանդ Փամպուքեանը, որոնք եւս սովորաբար նման առիթներով կը հրաւիրուէին: Յակոբեանի ջրանկարը (որուն Պէյրութ հասնիլը կ՛առնչուէր Տաթեւ սրբազանին) գեղեցիկ բնանկար մըն էր, սակայն յիշեալ «աւանդական» հիւրերու բացակայութիւնը կը յուշէր ինծի, թէ ջրանկարէն այն կողմ հարց մը գոյութիւն ունի, եւ այդ մէկը առանձին խօսակցութիւն կ՛ենթադրէ:

Տիկին Գանտահարեանը ոչինչ խնայած էր սեղանը ճոխ եւ հաճելի դարձնելու համար: Ճաշէն անմիջապէս ետք, մանուկները` Շահանն ու Շաղիկը, առանձնացան իրենց սենեակները, իսկ տիկին Գանտահարեան սուրճը բերելէ ետք խոհանոց մտաւ:

Նստանք: Ըստ երեւոյթին ճաշերուն համադամ ըլլալուն պատճառով քիչ մը շատ կերած էի, ու թմրութիւն մը իջած էր վրաս: Կը զգայի, թէ Գանտահարեան խօսք պիտի բանայ տարբեր նիւթի մը շուրջ: Ան սկսաւ բացատրել ինծի, թէ ինչո՞ւ առանց հայկական գաղութին ուսումս անիմաստ պիտի ըլլար, թէ  ինչքան որ գաղութը պէտք ունի ինծի, նոյնքան ալ ես պէտք ունիմ գաղութին, թէ ինչո՞ւ համապատասխան ուսումն ու նուիրուածութիւնը տակաւին չեն բաւեր կարենալ ծառայելու համար ազգին, հայ մշակոյթին եւ կամ առհասարակ յաջողելու կեանքին մէջ, ուր ճիշդն ու սխալը յարաբերական նշանակութիւն ունին: Ան ցոյց տուաւ ինծի, թէ կատարեալին ձգտումը բնական է եւ դրական, սակայն անոր չհասնիլը ողբերգական պէտք չէ ըլլայ: Պայման չէ, որ բոլոր իրականութիւնները բացայայտուին… որեւէ ատեն եւ որեւէ առիթով: Կեանքին մէջ ամէն մարդ կրնայ սխալիլ, կը սխալինք նաեւ մենք, բայց պայման չէ, որ բոլոր սխալները բացայայտուին ու անմիջապէս սրբագրուին…

Ինք կը խօսէր, իսկ ես չէի ընդմիջեր զինք: Ընթացքին յիշեցի, որ մեր սկաուտապետը` եղբայր Սագիս Գաթալուզեանը, յաճախ կ’ըսէր ինծի. «Քեզի վերապահուած չէ աշխարհը շտկելու պարտականութիւնը, քիչ մը հանդուրժող ու բարեացակամ պէտք է ըլլաս ուրիշներուն հանդէպ»:

Գանտահարեանը, թէեւ կարգ մը պարագաներու իմ «անհանդուրժող ու անբարեացակամ» ըլլալս հաստատեց, սակայն բնաւ ինքզինքս փոքրացած կամ վիրաւորուած չզգացի: Գիտէի, որ  հարազատի վերաբերմունք ունի ինծի հանդէպ, եւ անոր խօսքերը ո՛չ խրատական բնոյթ ունէին, եւ ո՛չ ալ մեծավարի խորհրդատուի, այլ կարծէք թէ քննարկում մըն էր իմ կացութեանս մէջ եղող ուրիշի մը մասին…

Իր մենախօսութենէն ետք հանդարտութիւն մը իջաւ վրաս, կազդուրուած կը թուէի ըլլալ եւ ես իմ մէջս կ՛որոշէի չափաւոր ու հանդուրժող ըլլալ եւ յատկապէս չվիրաւորել մարդիկը…: Այս բոլորը կ՛ըսեմ, որովհետեւ այդ շրջանին չարացած էի կեանքին դէմ, ու տարբեր առիթներով, հեղինակաւոր ու նոյնիսկ յարգուած որոշ անձնաւորութիւններ վիրաւորած… Իսկ թէ ի՞նչ կը վերաբերի կատարելապաշտ բնաւորութեանս, մինչեւ հիմա ամբողջութեամբ չեմ ձերբազատած անկէ, որովհետեւ համոզուած եմ, որ մարդ ինչ որ ալ ընէ, պէտք է լաւագոյնին ձգտի, բան մը, որ կեանքի յառաջդիմութեան կարեւոր խթաններէն մէկն է:

Ճիշդ պիտի չըլլար եզրակացնել, որ Գանտահարեանը զիս ամբողջութեամբ հանդարտեցուց, սակայն շնորհիւ իր ունեցած մանկավարժական հմտութեան եւ ինծի հանդէպ ցուցաբերած մարդկային անշահախնդիր վերաբերումին, ես դարձայ աւելի շրջահայեաց ու իրատես: Եւ բնաւ պատահական չէ, որ անոր տարբեր տեսակի աշակերտներն ու ուսանողները բարձր գնահատանքներով արտայայտուած են իր մասին: Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի «մարդկային անշահախնդիր վերաբերումին», ան, յանուն մարդկային կեցուածքի եւ ազգային ու յարանուանական շահերու, երբեմն նոյնիսկ իր միջնորդութեամբ կրցած է «քողարկել տալ» կարգ մը յանցագործ դէմքերու խայտառակութիւնները ու փրկել անոնց վարկը յաչս ժողովուրդին: Իր համեստ ու չափաւորական խառնուածքով կրցած էր հեռու մնալ հատուածական ու անձնական շահերէ ու համակրանքը շահիլ քաղաքական տարբեր կողմերու ու յարանուանութիւններու եւ… շատ  շատերու…

Նկարին մէջ կ՛երեւին Գրիգոր Շահինեան, Զարեհ սրբազան, Հրաչ Տասնապետեան, Գէորգ Գանտահարեան, Երուանդ Փամպուքեան, Շաւարշ Թորիկեան, Պետիկ Հերկելեան:

Տանք օրինակ մը եւս:

Օգոստոսեան կիզիչ օր մըն էր: Թնդանօթները լռած էին, եւ լաւատեսական մթնոլորտ մը կը տիրէր երկրէն ներս: Ի մեծ ուրախութիւն ինծի,  երկու Գէորգները (Գանտահարեան եւ Միքայէլեան) Այնճարի իմ պապենական տունս ժամանեցին: Դուրսը` պարտէզը նստանք փոքր «Սրըգեանի» կոչուած աթոռակներու վրայ: Անոնք ճանապարհին լուր տուած էին նաեւ Վարուժան արք. Հերկելեանին, որ իր հերթին եկաւ եւ մասնակցեցաւ մեր հանդիպման: Այս բոլորին մէջ արտակարգ կամ անբնական ոչինչ կար: Սակայն երբ զրոյցը ջերմացաւ, եւ մեր տրամադրութիւնները բարձրացան, Գանտահարեանը իր իմաստալից ժպիտին ներքոյ` խօսքը ուղղելով հայր Վարուժանին, ըսաւ.

– Այսօր եկած ենք երկու կարեւոր լուր փոխանցելու Մովսէսին: Դրական եւ ժխտական: Սակայն դրական լուրը այնքան նպաստաւոր է Մովսէսին համար, որ ժխտականը կը նսեմանայ, ու իր հերթին առիթ կու տայ իրեն աւելի լաւ գործեր ընելու:

Խումբ մը ուսանողներու հետ

Այդ օրերուն ես Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ կը դասաւանդէի արուեստի պատմութիւն եւ գեղանկարչութիւն, եւ հակառակ անոր որ վարձատրութիւնը այնքան ալ գոհացուցիչ չէր, այսուհանդերձ հաճոյքով կ՛ընէի գործս, որովհետեւ մտերմական փոխյարաբերութիւն մը ստեղծուած էր հոգեւորականներու, ուսուցիչներու եւ յատկապէս` դպիրներու հետ, որոնք անհամբեր կը սպասէին իմ դասապահերուս:

Հայագիտականի ուսանողներուն հետ

Պարզուեցաւ, որ նախկին արուեստագէտ ուսուցիչը, որ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին դուրս եկած էր երկրէն, վերադարձած է եւ կ՛ուզէր շարունակել իր գործը: Տաթեւ սրբազանը, որ դպրեվանքի տեսուչն էր այդ տարիներուն, մնացեր էր երկու քարի արանքը: Ան չէր կրնար մերժել նախկին ուսուցիչը, որովհետեւ տարբեր տեսակի այլ ծառայութիւններ եւս մատուցած էր վանքին, եւ միաժամանակ չէր ուզեր նեղացնել նաեւ նոր ուսուցիչը, որովհետեւ իրաւունք չունէր վերջին օրերուն արձակել զայն: Տաթեւ սրբազանը` անճրկած, խնդիրին բարւոք լուծում մը տալու համար հարցը կը փոխանցէ Գանտահարեանին, որ իր հերթին խորհրդակցելէ ետք Վարուժան սրբազանի եւ Գէորգ Միքայէլեանի հետ, կ՛որոշեն նախ համապատասխան գործ մը ապահովել Մովսէսին, ապա միայն լուրը հաղորդել անոր: Այդ օրերուն Եղիշէ Մանուկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհին Մանուշակ Պոյաճեանն էր: Տրուած ըլլալով, որ ան արուեստասէր եւ մշակոյթի արժէքը իմացող ու գնահատող անձնաւորութիւն մըն էր, անմիջապէս կ՛ընդունի Գանտահարեանի առաջարկը… նիւթաբարոյական աւելի լաւ պայմաններով: Ես այնքան ալ գոհ չէի այս տեսակ լուծումէ մը, որովհետեւ վարժուած էի դպրեվանքի մթնոլորտին, եւ շաբաթը երկու անգամ դպրեվանք բարձրանալն ու իմ սիրած նիւթերը դասաւանդելս օրհնութիւն էին ինծի համար: Սակայն այս պարագային խնդիրը այդ չէ, այլ այս դրուագը ոչ միայն մեկնաբանութեան չի կարօտիր, այլ միաժամանակ ցոյց կու տայ Գէորգ Գանտահարեանի մարդկային անշահախնդիր վերաբերմունքը:

 

 Մովսէս Ծիրանի

Մոնրէալ, յուլիս 2026