«Ինքնութիւնը մեկուսացման պատ մը չէ, այլ հաղորդակցութեան կամուրջ մը», շեշտեց Տօքթ. Արմէն Մազլումեան կարեւորելով հայկական դպրոցներու եւ ակումբներու դերը հայերէնի եւ հայկական մշակոյթի պահպանման գործին մէջ, զուգահեռաբար եգիպտական կրթական ծրագիրին։
Եգիպտահայութեան պատմութիւնը, անոր ազգային ինքնութեան պահպանումը եւ Եգիպտոսի հասարակական կեանքին մէջ ունեցած կարեւոր ներդրումը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնուեցան եգիպտական պետական հեռատեսիլի եթերէն։ «Խօսք Եգիպտոսէն» յայտագրին նուիրուած յատուկ հաղորդումը ոչ միայն ներկայացուց հայ համայնքի անցեալն ու ներկան, այլեւ բացաւ կարեւոր հարց մը՝ ինչպէ՞ս կարելի է ամբողջականօրէն մաս կազմել երկրի մը հասարակութեան՝ առանց կորսնցնելու սեփական ինքնութիւնը։
Եգիպտոսի պետական Առաջին հեռուստակայանէն ամէն ուրբաթ եթեր հեռարձակուող «Խօսք Եգիպտոսէն» յայտագրին բացառիկ մէկ բաժինը նուիրուած էր եգիպտահայ համայնքին, անոր պատմութեան, ինքնութեան եւ Եգիպտոսի հասարակական ու մշակութային կեանքին մէջ ունեցած ներդրումին։
Յայտագրի հաղորդավարն է նախկին տեղեկատուութեան նախարար Տօքթ. Տորիա Շարաֆ Էլ Տինը, որ Եգիպտահայերու թեմային նուիրուած երկրորդ բաժինին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ Եգիպտոսի հասարակութեան այս հարազատ բաղադրիչին բազմադարեայ ներկայութիւնն ու փորձառութիւնը։
Հայկական ազգային մարմնի նախագահ Տօքթ. Արմէն Մազլումեան, յայտագրին ընթացքին, ընդգծեց, որ Եգիպտոսի հայերը իրենք զիրենք կը նկատեն եգիպտոսի հասարակութեան հարազատ մէկ մասը։
«Հայաստանը մեր արմատներն ու յիշողութիւնն է, իսկ Եգիպտոսը՝ մեր հայրենիքն ու տունը», ըսաւ Տօքթ. Մազլումեան ։
Մազլումեան նշեց, որ հայերու ներկայութիւնը Եգիպտոսի մէջ դարաւոր պատմութիւն ունի։ Հայեր այդ երկիրը հասած են իբրեւ արհեստաւորներ, գիտութեան եւ աշխատանքի մէջ ճշգրտութեամբ աչքի ինկող մարդիկ եւ, միաժամանակ, կարողացած են համարկուիլ եգիպտական հասարակութեան մէջ՝ պահպանելով իրենց ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը։
Այսօր Եգիպտոսի հայերու թիւը կը գնահատուի շուրջ 7-8 հազարով։ Անոնք գլխաւորաբար կը բնակին Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ եւ նշանակալի դեր ունեցած են ոսկերչութեան, տպագրութեան, մամուլի, շարժապատկերի եւ թատրոնի բնագաւառներուն մէջ։
Յայտագրին մէջ յիշատակուեցան նաեւ Եգիպտոսի պատմութեան մէջ իրենց հետքը ձգած նշանաւոր հայեր, ինչպէս Ֆաթիմեան ժամանակաշրջանի Պատր Ալ Ժամալին, Եգիպտոսի առաջին վարչապետ Նուպար Փաշան եւ առաջին արտաքին գործոց նախարար Պօղոս Եուսուֆեանը։
Տօքթ. Մազլումեան ընդգծեց նաեւ եգիպտացիներուն եւ հայերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր ու ընտանեկան արժէքներու ընդհանրութիւնը՝ ընտանիքին նկատմամբ ունեցած յարգանքը, մեծերու պատուումը եւ ընտանեկան կապերու կարեւորութիւնը։ Անոր խօսքով՝ հայերը «եգիպտականացան»՝ դառնալով երկրի հասարակական հիւսուածքի անբաժանելի մէկ մասը, առանց կորսնցնելու իրենց առանձնայատկութիւնը։
«Ինքնութիւնը մեկուսացման պատ մը չէ, այլ հաղորդակցութեան կամուրջ մը», շեշտեց ան՝ կարեւորելով հայկական դպրոցներու եւ ակումբներու դերը հայերէնի եւ հայկական մշակոյթի պահպանման գործին մէջ, զուգահեռաբար եգիպտական կրթական ծրագիրին։
Յայտագրին մէջ ներկայացուեցան նաեւ եգիպտահայ կեանքի տարբեր դէմքեր ու վկայութիւններ։
Յայտագրի կարեւոր պատգամն այն էր, որ եգիպտահայերու փորձառութիւնը ինքնութեան պահպանման եւ լիարժէք համարկումի եզակի օրինակ մըն է․ ինքնութիւն՝ առանց մեկուսացման, հասարակական մասնակցութիւն՝ առանց ինքնուրոյնութեան կորստեան։
Տօքթ. Մազլումեան նաեւ յիշեց իր մեծ հօր պատմութիւնը, որ կը մերժէր Եգիպտոսը լքել «Նասիպեան» լուսանկարչական արուեստանոցին պետականացման օրերուն՝ ըսելով. «Չեմ կրնար ուրիշ տեղ ապրիլ»։ Այդ վկայութիւնը, ըստ անոր, կ՚արտացոլացնէ Եգիպտոսի հայերուն՝ իրենց երկրին հանդէպ ունեցած խոր պատկանելիութեան զգացումը։
Եթերի այս բաժինը կարեւոր քայլ մըն է եգիպտահայ համայնքի պատմութիւնը, ներդրումն ու ազգային փորձառութիւնը եգիպտական լայն հասարակութեան ներկայացնելու առումով։ Անիկա եւս մէկ անգամ կը հաստատէ, որ Եգիպտոսը միայն բազմաթիւ համայնքներ ընդունած երկիր մը չէ, այլ պատմական օրինակ մը՝ տարբեր մշակոյթներու համակեցութեան, փոխազդեցութեան եւ միասնական ազգային պատկանելիութեան։
Հայերը Եգիպտոսի մէջ համարկուեցան, բայց չձուլուեցան․ եւ հաւանաբար այս մէկ նախադասութիւնն է, որ ամենէն ճշգրիտ կերպով կ՚ամփոփէ եգիպտահայութեան բազմադարեայ պատմութիւնը։