Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին ընտրուած է Յարութիւն Յարութիւնեանը։ Անոր թեկնածութիւնն առաջադրած էր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնը։
Հաշուիչ յանձնաժողովի նախագահ Լիլիթ Մինասեանը ներկայացուցած է քուէարկութեան արդիւնքները։
«ԱԺ 105 պատգամաւորներից քուէարկութեանը մասնակցել է 104-ը։ Յարութիւն Յարութիւնեանի օգտին կողմ է քուէարկել 56 , դէմ՝ 48 պատգամաւոր»,-ըսած է ան։
Նշենք, որ Յարութիւն Յարութիւնեանէն առաջ ԱԺ եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած էր Արեգա Յովսէփեանի թեկնածութիւնը, որ, սակայն, քուէրարկութեան արդիւնքներով չէր ընտրուած այդ պաշտօնին։