image

Ճափոնի մէջ թայֆունի պատճառով աւելի քան 280 չուերթ չեղարկուած է

Ճափոնի մէջ թայֆունի պատճառով աւելի քան 280 չուերթ չեղարկուած է

Ճափոնի մէջ աւելի քան 280 թռիչք չեղարկուած է «Սոուտելոր» թայֆունի պատճառով։ Այս մասին կը վկայեն  Ճափոնի օդակայաններէն ստացուած տուեալները։

Անոնց շարքին են շուրջ 20 միջազգային թռիչքներ, ներառեալ դէպի Չինաստան, Քորէայի Հանրապետութիւն եւ Սինկափուր։

«Սոուտելոր» թայֆունը Օքինաւայի շրջանին մէջ կը շարժի դէպի արեւմուտք՝ ժամական շուրջ 15 քմ արագութեամբ։ Թայֆունի կեդրոնական շրջանին մէջ քամիի պոռթկումներու արագութիւնը կը հասնի վայրկեանը 55 մեթրի։