image

Դամասկոսի մէջ նշուեցաւ Սբ. Աստուածածնի Վերափոխման տօնն ու աւանդական Խաղողօրհնէքը

Դամասկոսի մէջ նշուեցաւ Սբ. Աստուածածնի Վերափոխման տօնն ու աւանդական Խաղողօրհնէքը

Դամասկոսի հայ համայնքը աղօթքով, հոգեւոր խանդավառութեամբ եւ ազգային աւանդութիւններու հարազատ պահպանմամբ նշեց Սբ. Աստուածածնի Վերափոխման մեծահանդէս տօնը։ Տօնական Սուրբ Պատարագէն եւ խաղողի աւանդական օրհնութենէն ետք, հաւատացեալ ժողովուրդը համախմբուեցաւ նաեւ բարեկամական սեղանի շուրջ՝ ճաշակելու աւանդական հարիսան, որ դարձեալ միաւորեց դամասկահայութիւնը եկեղեցւոյ եւ ազգային կեանքի ջերմ մթնոլորտին մէջ։

Ստորեւ Դամասկոսի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Սբ. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը
Եւ աւանդական Խաղողօրհնէքը Դամասկոսի մէջ

Կիրակի, 16 Օգոստոս 2026-ին, Սբ. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով առաջնորդական հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ Դամասկոսի Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Օրուայ Պատարագիչն էր Տ. Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեանը, Առաջնորդ Դամասկոսի Թեմի, իրեն ընթերակայ ունենալով Տ. Տրդատ Քահանայ Քիրէճեանը: Յաւարտ Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ խաղողի օրհնութիւնը, դամասկահայ հաւատացեալներու ներկայութեամբ:

Սուրբ Պատարագէն ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց ՍԴՀԿ-ի Սուրիոյ Հարաւային Շրջանի Վարիչ Մարմինին կողմէ նախօրէին պատրաստուած աւանդական «Հարիսա»ն, որն Հ.Մ.Մ.-ական սկաուտները բաշխեցին ներկայ հաւատացալ ժողովուրդին: