Քուէյթի իշխանութիւնները փակած են երկրի օդային տարածքը՝ Իրանի կողմէ երկրի տարածքին մէջ կատարուած հարուածներու լոյսի ներքոյ։
Այս մասին յայտնած է Քուէյթի քաղաքացիական օդագնացութեան գլխաւոր վարչութիւնը։
«Այս միջոցառումը ձեռնարկուած է Քուէյթի տարածքին մէջ Իրանի կողմէ իրականացուած սարսափելի յարձակումներու եւ տարածաշրջանին մէջ քաղաքացիական օդագնացութեան համար ատոնց հնարաւոր ռիսքերու լոյսի ներքոյ», -ըսուած է X-ի էջին վարչութեան յայտարարութեան մէջ։
Նշուած է, որ ներկայիս օդին մէջ գտնուող չուերթները պիտի ուղղորդուին այլ օդակայաններ։