Քուէյթի առողջապահութեան նախարարութեան բանբեր Ապտալլա աս-Սանատը յայտարարած է, որ Իրանի կողմէ երկրի հիւսիսը իրականացուած յարձակուման հետեւանքով, երկրի բնակելի թաղամասերէն մէկուն մէջ արկեր եւ բեկորներ իյնալու պատճառով վեց անձ վիրաւորուած է։
Այս մասին կը հաղորդէ Քուէյթի KUNA լրատուական գործակալութիւնը։
Գործակալութեան տուեալներով՝ բժշկական շտապօգնութեան խումբերը եւ ծառայութիւնները անմիջապէս արձագանգած են մէջադէպին։
«Բոլոր տուժածները ստացած են անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն եւ կը գտնուին կայուն վիճակի մէջ՝ առանց որեւէ լուրջ բարդութեան»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Աւելի վաղ Քուէյթի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած էին, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին էմիրութեան օդային տարածքէն ետ մղուած են 9 պալիսթիք հրթիռ, 4 թեւաւոր հրթիռ, ինչպէս նաեւ 31 անօդաչու։