image

«Քորոնա»ի աւարտը՝ մօտալուտ

«Քորոնա»ի աւարտը՝ մօտալուտ

Ամերիկեան JPMorgan Chase Global Research հիմնարկի վերլուծաբանները կանխատեսած են «Քորոնա» համավարակի աւարտը եւ համաշխարհային տնտեսութեան ամբողջական վերականգնումը 2022-ին:

Մասնագէտներու կարծիքով՝ նոր պատուաստանիւթերու ստեղծումը կը յանգեցնէ «համաշխարհային շարժունակութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ սպառողներու մօտ կուտակուած պահանջարկի արտացոլման:

«Այս կանխատեսումը կը բացատրուի բնակչութեան շրջանին մէջ հաւաքական դիմադրողականութեան հասնելով, ինչպէս նաեւ մարդկային հնարամտութեամբ», նշած է JP Morgan դրամատան առաջատար վերլուծաբան Մարքօ Քոլանովիչը:

Բացի այդ, փորձագէտը նախազգուշացուցած է եկող տարի ներդրողներու համար հնարաւոր վտանգներու մասին, որոնց շարքին են Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ աշխարհաքաղաքական լարուածութեան ուժեղացումը:  

Microsoft ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյց աւելի վաղ եւս կանխատեսած էր, որ համավարակի սուր փուլը կ'աւարտի 2022-ին: