Թուրքիոյ բարձրաստիճան դատախազը պահանջած է, որ Սահմանադրական դատարանն արգելափակէ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատիա» կուսակցութեան (ԺԴԿ) պատկանող դրամատնային հաշիւները, յայտնած է Reuters-ը՝ վկայակոչելով Haberturk հեռուստաալիքը:
2021 թուականի մարտին գլխաւոր պետական դատախազը գործ յարուցած էր «Ժողովուրդներու դեմոկրատիա» կուսակցութեան՝ Թուրքիոյ մեծութեամբ երրորդ կուսակցութեան դէմ՝ պահանջելով անոր արգելքը՝ քիւրտ «զինեալներու» հետ ենթադրեալ կապերու պատճառով։
Վճռաբեկ դատարանի գլխաւոր դատախազ Պեքիր Շահինը խնդրած է, որ «Ժողովուրդներու դեմոկրատիա» կուսակցութեան դրամատնային հաշիւները, որոնցով ան միջոցներ կը ստանայ գանձապետարանէն, «շտապ» արգելափակեն գործի քննութեան ընթացքին, յայտնած է Haberturk-ը։
Շահինը գործի մանրամասներու վերաբերեալ իր կարծիքը Սահմանադրական դատարանին պիտի ներկայացնէ 10 յունուարին։ Այնուհետեւ դատարանը «Ժողովուրդներու դեմոկրատիա» կուսակցութեան ժամանակ պիտի տայ բանաւոր պաշտպանութիւնը նախապատրաստելու համար:
Բացի կուսակցութիւնը փակելէ, մեղադրական եզրակացութեան մէջ նաեւ «Ժողովուրդներու դեմոկրատիա» կուսակցութեան 451 անդամներուն հինգ տարիով քաղաքականութեամբ զբաղուիլը արգիլելու կոչ կայ: Պարզ չէ, թէ վերջնական դատավճիռը կրնայ արդեօք կայացուիլ մինչեւ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք պէտք է տեղի ունենան 2023 թուականի յունիսէն ոչ ուշ։