Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ցաւակցելու անոր եղբօր՝ Աւետիս Քէշիշեանի մահուան առիթով եւ քննարկելու հայ ժողովուրդը յուզող այժմէական հարցեր։
Ուրբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի։
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին կուսակցութեան կեդրոնական եւ Լիբանանի շրջանային վարչութեան անդամները։ Անոնք եկած էին յանուն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնելու Վեհափառ Հայրապետին եղբօր՝ Աւետիս Քէշիշեանի մահուան տխուր առիթով։
Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստանը, Միջին Արեւելքը, Լիբանանը եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդը դիմագրաւող մարտահրաւէրները։ Այս առիթով շեշտուեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը՝ շարունակելով Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս վերջին տարիներուն կայացած միջ-կուսակցական հանդիպումները։
Նոյն օրը երեկոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Վեհափառ Հայրապետին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան համա-ատենապետ Նորայր Մկրտիչեան։ Անոնք խորհրդակցեցան մեր ազգը յուզող այժմէական հարցերու շուրջ։