Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն, ինչպէս կը սպասուր, յայտարարած է հրաժարականի մասին` ընդգծելով, որ «քաղաքականութեան մէջ ոչ ոք անփոխարինելի է»:
Ելոյթ ունենալով Տաունինկ սթրիթէն` ան շնորհակալութիւն յայտնած է միլիոնաւոր մարդոց, որոնք քուէարկած են իր օգտին եւ ըսած, թէ ինչու այդքան երկար պայքարած է պաշտօնին մնալու համար:
«Ես կը կարծէի, որ այդ իմ աշխատանքն է, իմ պարտականութիւնս եւ իմ պարտականութիւնս ձեր հանդէպ», ըսած է Ճոնսըն:
The Guardian-ը կը յաւելէ, որ Ճոնսըն իր ելոյթին մէջ նշած է, որ պիտի ըլլայ նոր առաջնորդ (կուսակցութեան), նոր վարչապետ:
Ան նշած է, որ հպարտ է իր կատարած աշխատանքով` շեշտելով, որ «տխուր է աշխարհի լաւագոյն աշխատանքը թողելու համար»: