image

«Քաղաքականութեան մէջ անփոխարինելի մարդ չկայ». Պորիս Ճոնսըն հրաժարական ներկայացուց

«Քաղաքականութեան մէջ  անփոխարինելի մարդ չկայ». Պորիս Ճոնսըն հրաժարական ներկայացուց

Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն, ինչպէս կը սպասուր, յայտարարած է հրաժարականի մասին` ընդգծելով, որ «քաղաքականութեան մէջ ոչ ոք անփոխարինելի է»:

Ելոյթ ունենալով Տաունինկ սթրիթէն` ան շնորհակալութիւն յայտնած է միլիոնաւոր մարդոց, որոնք քուէարկած են իր օգտին եւ ըսած, թէ ինչու այդքան երկար պայքարած է պաշտօնին մնալու համար:

«Ես կը կարծէի, որ այդ իմ աշխատանքն է, իմ պարտականութիւնս եւ իմ պարտականութիւնս ձեր հանդէպ», ըսած է Ճոնսըն:

The Guardian-ը կը յաւելէ, որ Ճոնսըն իր ելոյթին մէջ նշած է, որ պիտի ըլլայ նոր առաջնորդ (կուսակցութեան),  նոր վարչապետ: 

Ան նշած է, որ հպարտ է իր կատարած աշխատանքով` շեշտելով, որ «տխուր է աշխարհի լաւագոյն աշխատանքը թողելու համար»: