image

Պոլսյ «Սասուն Պիթլիս» հայրենակցական միութեան վոլէյպոլի խումբը Եւրոպայի համահայկական խաղերու ախոյեան

Պոլսյ «Սասուն Պիթլիս» հայրենակցական միութեան վոլէյպոլի խումբը Եւրոպայի համահայկական խաղերու ախոյեան

Պոլսյ «Սասուն Պիթլիս» հայրենակցական միութեան վոլէյպոլի խումբը, որ օրերս, Ժընեւ մէջ մասնակցած է Եւրոպայի համահայկական խաղերուն, փայլուն յաղթանակներ արձանագրելով՝ դարձած է ախոյեան։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հաղորդած էինք արդէն որ «Սասուն Պիթլիս» հայրենակցական միութեան ֆութսալի ու վոլէյպոլի խումբերը 3 Ապրիլին Ժընեւ մեկնած էին, Եւրոպայի համահայկական խաղերուն մասնակցելու համար։ 

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք որ մեր մարզական պատուիրակութեան վոլէյպոլի խառն խումբը ախոյեան հռչակուեցաւ, մէկ առ մէկ պարտութեան մատնելով մրցակից բոլոր խումբերը, բացի միակ խումբէ մը։ Մրցումներու առաջին օրը մեր մարզիկ-մարզուհիները 2 յաղթանակ տարին, ապա 1 յաղթանակ եւ 1 պարտութիւն կրելով եւ իրենց ենթախումբին մէջ առաջատար դիրք գրաւելով իրաւունք ստացան մասնակցելու կիսաեզրափակիչին։

Կիսաեզրափակիչին անոնց մրցակիցն էր Պելժիոյ խումբը, որուն դէմ եւս յաղթանակ տարին «Սասուն-Պիթլիս»ի մարզական խումբի անդամները։ Եւ ի վերջոյ՝ հասաւ եզրափակիչ մրցումի ժամը, որ յաղթանակով պսակուեցաւ։ Մեր խումբը ախոյեան հռչակուեցաւ մեծ ուրախութիւն պատճառելով մարզասէրներուն ու պատասխանատուներուն։